image

«Անկարելի է». Թուրքիա չի պատրաստուիր «Պայրաքտար» վաճառել Ռուսիոյ

«Անկարելի է». Թուրքիա չի պատրաստուիր «Պայրաքտար» վաճառել Ռուսիոյ

Թրքական պաշտպանական Baykar ընկերութիւնը բացառած է իր Bayraktar անօդաչու թռչող սարքերը Ռուսիա մատակարարելու հնարաւորութիւնը։ Այս մասին ըսած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Հալուք Պայրաքտարը «Պի-պի-սի»-ի ռուսական ծառայութեան հարցազրոյցին մէջ։

Պայրաքտարն ընդգծած է, որ փողը եւ նիւթական արժէքներն ընկերութեան համար առաջնահերթութիւն չեն։

«Ուքրանիոյ հետ մեր բարեկամութիւնը եւ համագործակցութիւնն արդէն երկար տարիներու պատմութիւն ունին։ Ուստի, մեզի որքան ալ փող առաջարկեն, անկեղծ ըսած, չի կրնար խօսք ըլլալ այն մասին, որ ներկայ իրավիճակին անոնց յանձնենք անօդաչուներ»,-ըսած է Baykar-ի տնօրէնը՝ պատասխանելով Մոսկուային անօդաչուներու վաճառիք հնարավորութեան մասին լրագրողներու հարցին։

Պայրաքտարն աւելցուցած է, որ իր ընկերութիւնը լիովին կ'աջակցի Ուքրանիոյ, եւ «ոչինչ կրնայ խանգարել այդ համագործակցութեան,..անկախ այն բանէ, թէ ինչ գումար կ'առաջարկուի»։