Մարքէթփլէյսը (marketplace) կայքէջ մըն է, ուր վաճառքի կը դրուին գործածուած, կամ այլեւս անպէտք նկատուած առարկաներ: Այս կայքէջը ամէն օր կը հարստանայ ընդգրկելով նոր ու այլազան առարկաներ՝ հագուտեղէն, տնային կահոյք, խոհանոցի սպասներ եւայլն: Յաճախ դէմս կը յայտնուի այս էջը եւ ես ցաւով կը դիտեմ այն երեւոյթը, երբ շատ գեղեցիկ ձեռագործներ՝ ճաշասեղանի ու անկողինի ծածկոցներ, այլազան զարդանախշեր, ծախու կը դրուին զարմանալիօրէն չնչին գիներով, չըսելու համար թափելու փոխարէն որոշուած խորհրդանշական սակով մը: Կ՚ապշիմ, երբ անոնց մէջ կը տեսնեմ ակնառու աշխատանքներ, որոնք կարելի է սեպել մէկական արուեստի գործ՝ նրբաճաշակ ու ճարտարօրէն բանուած: Անկասկած, որ այդ գեղեցիկ ձեռագործները «մարմին» ստանալու համար խլած էին երկար ժամանակ, աչքի լոյս, ճշգրիտ թուաբանական համրանք, բծախնդրութիւն եւ ծով համբերութիւն: Վստահ եմ, որ այդ ձեռագործները ասեղ առ ասեղ աշխատող մատները, անչա՜փ երազներ փայփայած էին եւ ամէն մէկ թելի հետ իրենց երեւակայութեան կծիկը սլացած էր դէպի տաքուկ օճախի մը շեմը, ապա մտած էր սէր ու երջանկութիւն բուրող ննջարան մը, հայելիներով փայլփլող հիւրասրահ մը, երեխաներու քրքիջներով լեցուն ճաշասրահ մը...: Ամէն մէկ տողի հետ միահիւսուած է սրտի բաբախիւն մը, հոգոց մը, ժպիտ մը, յոյսի շող մը...:
Կը հանդիպիմ ձեռագործներու, որոնք կը յիշեցնեն մօրս նրբահիւս ասեղնագործները եւ անթերիօրէն բանուած ձեռագործները: Դժբախտաբար մօրս ձեռագործներուն մեծ մասը չէին արժանացած իրենց վայել շքեղ տարածքին, անկիւնին, կամ ապրելաոճին, այլ՝ ապաստան գտած էին մօրս ննջարանի պահարանին վրայ գտնուող ճամպրուկներուն մէջ: Մայրս ատենը մէյ մը մութին մէջ ննջող իր ձեռագործները օդին ու արեւին կը հանէր, կը վերակենդանացնէր, ժպիտով կը նշէր իր գործածած դերձաններուն որակն ու մակնիշը, ամէն մէկ բանուածքին ֆրանսերէն ու հայերէն անունները: Ան իր գուրգուրոտ մատներով անգամ մը եւս կը սիրէր ու կը շոյէր զանոնք, ապա տաք արդուկին տակէն կ՚անցընէր իր երազանքներուն կտաւները եւ վերջապէս թարմացած «գեղեցկուհիները» կը վերադարձնէր «տուն»։ Մօրս կանաչ աչքերը յոյսով կը շողային եւ ան կը հաւատար, որ անպայման օր մը իր աչքին լոյսն ու սրտին «հատորները» իրենց պատշաճ վայրերը պիտի գտնեն իր զաւակներուն տուներէն ներս:
Անշուշտ մայրս բնաւ չէր երեւակայեր, որ ձմեռնային օր մը, մեր տան վառարանը կրնար բռնկիլ եւ կրակին ճարակ դարձնել իր ննջարանին անկողիններուն վրայ խնամքով փռուած ծածկոցները: Անակնկալ հրդեհը կրնար արագօրէն տարածուիլ եւ մեր տունը ածխացնել, եթէ մայրս բռնկած վարառանը իր ձեռքերը այրելու գնով սենեակէն դուրս չքաշքշէր եւ մեր գետնայարկ տան սէմէն դուրս չշպրտէր: Այդքանով ալ կրակը չյանգեցաւ մինչեւ, որ դրացի Պարոն Ճօրճը յատուկ կրակմարիչ նիւթ մը սրսկեց եւ սանձազերծ հրդեհը զսպեց:
Մօրս սիրտը շատ նեղուեցաւ, երբ անկողիններուն վրայ փռուած իր նախասիրած խաչասեղ աշխատանքով ծածկոցները փճացան: Բարեբախտաբար մայրս չիմացաւ, որ 1978- ին՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, իր ձեռագործներու ճամպրուկները հրթիռի մը զոհը դարձան: Ըսեմ, թէ ինչո՞ւ չիմացաւ, որովհետեւ քառասունհինգ ամեայ երիտասարդ մայրս, պատերազմի սկիզբին՝ 1976- ին, այս աշխարհին ակամայ հրաժեշտ տուած ու հեռացած էր։
Մօրս ասեղնագործներէն փրկուած քանի մը կտորները մինչեւ օրս սուրբ մասունքի պէս կը պահեմ: Կարծես, թէ անոնք մօրմէս ապրող կտորներ են, անոր երիտասարդ երազներուն վկայարանը, գեղեցիկ օրերուն կենսագրականը, ապրած կեանքին «փաստաթուղթերը», անմահ ներկայութիւնը...: Մօրս օրինակին հետեւելով ատենը մէյ մը կը շոյեմ զանոնք, կը լուամ, կ՚արդուկեմ, երբեմն ալ կը խօսիմ անոնց հետ...:
Բաւական շեղեցայ Մարքէթփլէյսէն։ Հաւանաբար հոն վաճառքի դրուած ձեռագործները մօր մը, մեծ մօր մը, ազգականուհիի մը երազանքներէն, զգացումներէն ու սպասումներէն ծնած կտաւներ են, որոնք այսօր յուսալքուած ու մերժուած իրենց նոր ճակատագրին կը սպասեն:
-Հիմա ո՞վ է ձեռագործ աշխատողը, կամ ձեռագործ փռողը։ Անգործնական բաներ ու աւելորդ տաղտուկ:
-Ձեռագործին նորոյթը շատոնց անցաւ...:
Այսպիսի խօսքերով կը ծալլուին ու դուրս կը շպրտուին «հնամեայ աշխատանքները», որպէս արժեզուրկ աւանդ...մոռնալով, որ անոնք կը խորհրդանշեն՝ շնորհալի մատներ, երազներու պաստառներ, յոյսի շողեր, հոգիի թրթիռներ...
Արդեօք հոս տեղի՞ն է յիշել այն ասացուածքը, որ կ՚ըսէ. «Անհատի մը թափածը՝ ուրիշի մը համար երազանք է, կամ գանձ է»:
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան