Անգարայի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մաքրոն կանչուած է Թուրքիոյ ԱԳՆ՝ Փարիզի մէջ քիւրտերու գործողութիւններու ժամանակ «հակաթուրքական քարոզչութեան» առնչութեամբ։ Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն՝ յղում ընելով Թուրքիոյ դիւանագիտական աղբիւրին։
Գործակալութեան աղբիւրի համաձայն՝ Ֆրանսայի դեսպանը տեղեկացուած է Անգարայի դիրքորոշման մասին։ Թրքական կողմը նաեւ իր ակնկալիքը յայտնած է, որ Ֆրանսան թոյլ չի տար «ահաբեկչական կազմակերպութեան» առաջ տանիլ իր «նենգ ծրագրերը»։
Դեկտեմբեր 23-ին տարեց տղամարդը կրակ բացած է Փարիզի 10-րդ թաղամասի՝ քիւրտերու մշակութային կեդրոնի մօտ գտնուող փողոցին մէջ։ Կրակոցներու հետեւանքով երեք մարդ մեռած է, տուժածներէն երկուքի վիճակը ծանր է, եւս երկուքը միջին ծանրութեան են։ Յանցագործը ձերբակալուած է. Անկէ ետք քիւրտերը դուրս եկած են Հանրապետութեան հրապարակ՝ բողոքելու կրակոցներու պատճառով, որոնք, անոնց կարծիքով, ուղղուած եղած են քրտական համայնքի դէմ։ Ցուցարարները կրակոցներու համար մեղադրած են Թուրքիան եւ՝ հակաթուրքական կարգախօսներ հնչեցուցած։ Անկարգութիւններու հետեւանքով ցոյցի ժամանակ տուժած է 31 իրաւապահ, բերման ենթարկուած է 11 ցուցարար։ Նշուած է, որ ցոյցին մասնակցած են որոշ ֆրանսացի քաղաքական գործիչներ: