image

ԱՄՆ Սենատ. Քիեւին 44,9 միլիառ տոլարի օգնութեան նախագիծ

ԱՄՆ Սենատ. Քիեւին 44,9 միլիառ տոլարի օգնութեան նախագիծ

ԱՄՆ Սենատը հաւանութիւն տուած է 2023 ֆինանսական տարուան մօտ 1,7 թրիլիոն տոլարի պիւտճէի նախագծին, որ կը նախատեսէ 44,9 միլիառ տոլար յատկացնել Քիեւին օգնելու համար։

Այս պիւտճէյով նախատեսուած ընդհանուր ծախսերն աւելի մեծ պիտի ըլլան, քան 2022 թուականին, երբ այս ցուցանիշը սահմանուած էր 1,52 թրիլիոն տոլար։ Միջոցներու մեծ մասը՝ 858 միլիառ տոլար, պիտի ուղղուի պաշտպանութեան, իսկ 722,5 միլիառ տոլարը պիտի յատկացուի ոչ պաշտպանական ծախսերուն։

Ուաշինկթըն մտադիր է 44,9 միլիառ տոլար յատկացնել Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներուն շտապ օգնութեան համար։