Օրերս ԱՄՆ-ի մէջ մահացած է բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ արձակագիր ՝ Գէորգ Քրիսթինեանը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Ասպարէզ» օրաթերթի կայքէն։ Աղբիւրը կը նշէ, որ հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենան Երկուշաբթի, 4 Յունուար 2021-ին։
Քրիստինեան ծնած է 1934 թուին Շիրակի մարզի, Արեւիկ գիւղին մէջ։
Ան Աւարտած է այդ օրերու՝Լենինականի մանկավարժական ուսումնարանը, ապա՝ Երեւանի մանկավարժական հիմնարկը։
Աշխատած է Հայաստանի միջնակարգ դպրոցներուն մէջ, պաշտոնավարած է համալսարանին մէջ՝ որպես դասախօս։
Քրիստինեան Եղած է Հայպետհրատի խմբագիր և «Հայֆիլմ»ի՝ գլխավոր խմբագիր։ Ստեղծած է քառասուն վաւերագրական շարժապատկերների գրական նիւթ։ 1990-ին տեղափոխուած է ԱՄՆ։ Եղած է Գալիֆոռնիոյ «Հայ գրողներու միութեան» փոխնախագահ։
Հրատարակած է բանաստեղծութիւններու, պատմուածքներու, գրականագիտական հոդուածներու երկու տասնեակէ աւելի հատորներ։
Համայնքի մշակութային կեանքին աշխուժօրէն մասնակից Քրիստինեան
2015 թուականէն սկսեալ խմբագրած է «Տիր» գրական ամսագիրը։