Սուրիոյ նախագահ Շարըհ առանձին հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ, հաղորդած է SANA-ն։
Զրոյցներու ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները։
Մաքրոնի հետ զրոյցին Սուրիոյ նախագահը քննարկած է երկկողմ համագործակցութեան հեռանկարները եւ Սուրիոյ դերը միջազգային ասպարէզին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային երկրի վերականգնման գործընթացին ցուցաբերած աջակցութեան համար՝ ընդգծելով սուրիական հասարակութեան բոլոր բաղադրիչներու, այդ շարքին՝ քրտական համայնքի պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:
Էրտողանի հետ զրոյցը կեդրոնացած էր Սուրիոյ ներքաղաքական իրավիճակի, մասնաւորապէս՝ Հալէպի մէջ անվտանգութեան հարցերու եւ վերականգնման խոչընդոտող անօրինական զինուած դրսեւորումներու ճնշման վրայ։ Թուրքիոյ նախագահը շեշտած է համատեղ համակարգման կարեւորութիւնն՝ ընդհանուր մարտահրաւէրներուն եւ սպառնալիքներուն հակազդելու համար։ Կողմերը համաձայնած են շարունակել սերտ համագործակցութիւնը համապատասխան գերատեսչութիւններու միջեւ։