image

Ամերիկեան ընկերութիւնները Թուրքիոյ միջոցով կը փորձեն գաղտնի առեւտուր ընել Ռուսիոյ հետ. Yeni Safak

Ամերիկեան ընկերութիւնները Թուրքիոյ միջոցով կը փորձեն գաղտնի առեւտուր ընել Ռուսիոյ հետ. Yeni Safak

Պատժամիջոցներու հետեւանքով Ռուսիոյ Դաշնութենէն հեռացած շարք մը ամերիկեան ընկերութիւններ չեն հաշտուած ստեղծուած իրավիճակի հետ եւ ուղիներ կը փնտռեն Ռուսիայէն ապրանքներ գնելու համար։

Թրքական Yeni Safak–ի հաղորդմամբ՝ թուրք գործարարները պատմած են, որ ամերիկեան ընկերութիւններ իրենց առաջարկած են որոշակի միջնորդավճարի դիմաց Ռուսիայէն ապրանքներ գնել եւ փոխանցել իրենց՝ Թուրքիոյ գրանցումով։

Նշուած է, որ ամերիկեան ընկերութիւններու պահանջներու մէջ գլխաւոր տեղը կը գրաւեն նաւթաքիմիական արտրադրանքներ, թանկարժէք քարեր, մետաղներ եւ այլն։