image

Ալմա Աթայի մէջ աւարտած են Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւնները. ԱԳՆ

Ալմա Աթայի մէջ աւարտած են Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւնները. ԱԳՆ

Ղազախստանի Ալմա Աթայի քաղաքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւններն աւարտած են: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը։

Նշուած է, որ բանակցութիւններու աւարտին նախարարները ողջունած են սահմանազատման հարցով առաջընթացը եւ այդ ուղղութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:

«Նախարարները եւ նրանց պատուիրակութիւնները շարունակել են «Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման վերաբերեալ» երկկողմ համաձայնագրի նախագծի շուրջ քննարկումները»,–նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել բանակցութիւնները բաց հարցերու շուրջ, ուր դեռ կան տարաձայնութիւններ:

Այցի ընթացքին նախարարներն առանձին եւ երկկողմ ձեւաչափով հանդիպած են Ղազախստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործերու նախարար Մուրաթ Նուրթլէուի հետ։

Միրզոյեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ղազախական կողմին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները հիւրընկալելու համար։