Արցախի երեխաները տեղափոխող փոխադրակառքը կանգնեցնելը, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան կը համարէ մանր գործողութիւններով մարդոց յոյզերու վրայ ազդել:
Այսպիսի համոզմունք յայտնած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, մեկնաբանելով Գորիս–Կապան ճանապարհին արցախցի երեխաները տեղափոխող փոխադրակառքին հետ կապուած`արպէյճանցիներու կատարած գործողութիւնները։
«Կարծում եմ`որեւիցէ մէկին չի յաջողուի հեռացնել Արցախի դրօշը, Արցախի զինանշանը: Ապարդիւն մանր գործողութիւններ են, որոնք աւելի շատ միտուած են մարդկանց յոյզերի վրայ ազդելուն, բայց չի ստացուելու», նշեց Ալէն Սիմոնեան:
Յիշեցնենք, որ Կապան-Գորիս ճանապարհին ատրպէյճանցիները կանգնեցուցած են հայկական փոխադրակառքը, պոկած են վրան փակցուած Արցախի դրօշը եւ գոռգոռոցներով իջեցուցած են երեխաները: