image
Հրատապ լուրեր:

Ալէն Սիմոնեանէն արձագանգ. «Եղածը փոքր միջադէպ է»

Ալէն Սիմոնեանէն արձագանգ. «Եղածը փոքր միջադէպ է»

Արցախի երեխաները տեղափոխող փոխադրակառքը կանգնեցնելը, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան կը համարէ մանր գործողութիւններով մարդոց յոյզերու վրայ ազդել:

Այսպիսի համոզմունք յայտնած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, մեկնաբանելով  Գորիս–Կապան ճանապարհին արցախցի երեխաները տեղափոխող փոխադրակառքին հետ կապուած`արպէյճանցիներու կատարած գործողութիւնները։

«Կարծում եմ`որեւիցէ մէկին չի յաջողուի հեռացնել Արցախի դրօշը, Արցախի զինանշանը: Ապարդիւն մանր գործողութիւններ են, որոնք աւելի շատ միտուած են մարդկանց յոյզերի վրայ ազդելուն, բայց չի ստացուելու», նշեց Ալէն Սիմոնեան:

Յիշեցնենք, որ Կապան-Գորիս ճանապարհին ատրպէյճանցիները կանգնեցուցած են հայկական փոխադրակառքը, պոկած են վրան փակցուած Արցախի դրօշը եւ գոռգոռոցներով իջեցուցած են երեխաները: