image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Պատերազմի եւ զինադուլի միջեւ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Պատերազմի եւ զինադուլի միջեւ

Հակասական կեցուածքներու մասին հրապարակումներ կան Ուաշինկթընէն: Մէկը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար զինապէս օժանդակել Իսրայէլին, Հըզպալլայի դէմ նոր ծաւալով պատերազմ սանձազերծելու պարագային: Միւսը այն է, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի իր դաշնակիցին` ինքնապաշտպանուելու իրաւունքի իրականացման պահուն:

Ուշագրաւը այն է, որ նոր ռազմաճակատի բռնկման մասին այս յայտարարութիւնները կը կատարուին, սպառնալիքներու խուճապահարութեան գործողութիւնները կը ձեռնարկուին, երբ տակաւին չէ վճռուած Կազայի հրադադարը: Տուեալներ կան, սակայն, մտածելու, որ Կազան նախահրադադարային փուլի մէջ է։

 

Իսրայէլ-Հըզպալլա հակամարտութեան վերաբերեալ իրավիճակի սրացումը մագլցողականութիւն կ՛արձանագրէ: Առ այժմ` լրատուական, յայտարարողական հարթութիւններու վրայ փոխսպառնալիքներու ճամբով: Հիմա կ՛աւելնայ նաեւ նախապատրաստութեան մասին որոշ տեղեկութիւններու բաժին մը:

Ուշագրաւ տեղեկութիւն էր այն, որ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Թել Աւիւ Սպիտակ տան յղած է նամակ, ուր կ՛իմացնէ, որ Հըզպալլայի հետ պատերազմի ընթացքին աննախընթաց զինատեսակ պիտի օգտագործուի, պատերազմը կարճատեւ ժամանակահատուածի մէջ պահելու համար:

Այս լրատուութիւնը ինքնին քանի մը ուղերձ ունի: Իսրայէլ որոշած է յարձակիլ Հըզպալլայի վրայ. նպատակ չունի երկարատեւ պատերազմ մղելու, իսկ կարճատեւ պատերազմով արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար պիտի օգտագործէ աննախընթաց զինատեսակ:

Եթէ մէկ կողմէ նախապատրաստութիւնը իմացնելն է, իրազեկելն է միջազգային հանրութեան, որ Իսրայէլ նման գործողութեան պիտի դիմէ, պատճառաբանելով իր երկրի հիւսիսային հատուածի անվտանգութիւնը կամ  հեռացած ժողովուրդին տունդարձի ապահովումը, միւս կողմէ, սակայն, կայ քաղաքական այլ ենթաուղերձ:

Գրաւոր նամակով Սպիտակ տան դիմելը, թոյլտուութիւն ապահովելու իմաստ կը ներառէ: Մանաւանդ որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը  Ուաշինկթըն կը գտնուի եւ իր պաշտօնակիցներուն հետ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ:

Այս կերպ, Իսրայէլի կողմէ նախայարձակում մը, հիմնուելով նման տեղեկատուութիւններու վրայ, պիտի համաձայնեցուի Ուաշինկթընի կողմէ:

Եւ եթէ մէկ կողմը կայ Միացեալ Նահանգներ, միւս կողմը բնականաբար` Իրան: Հըզպալլան իր հակազդեցութիւնը պիտի համաձայնեցնէ, թէկուզ առանց յայտարարելու կամ գրաւոր նամակ ուղարկած ըլլալու մասին հրապարակում կատարելու, Թեհրանի հետ: Փաստօրէն, իրանեան բանակի ցամաքային ուժերու հրամանատարը չէր ուշանար յայտարարելու, որ Դիմադրութեան առանցքը Հըզպալլայի եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի պարագային լուռ պիտի չմնայ:

Յայտարարողական սպառնալիքներու եւ նախապատրաստութիւններու մասին կատարուող հրապարակումներու ներկայ փուլին վրայ կ՛աւելնայ երրորդ ուղղութիւն մը: Խուճապահարութեան գործողութիւններու շարք մը: Այսպէս. Լիբանանի մէջ գործող օտարերկրեայ դեսպանութիւններուն վերագրուեցան յորդորներ եւ թելադրանքներ` ուղղուած իրենց քաղաքացիներուն, անյապաղ հեռանալու Լիբանանէն: Աւելի ուշ, անոնք հերքեցին այդ լուրերը:

Այս շրջածիրին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուեցան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, լիբանանեան օդակայանին մէջ իրանեան զինապաշար կը պահուի, յայտնապէս Թեհրանը մեղադրելու Հըզպալլան զինելու եւ պատերազմական գործողութիւններու դիմելու նախապատրաստութեան մեղադրանքով կամ արդարացնելու իսրայէլեան որոշումները նախայարձակելու:

Հակասական կեցուածքներու մասին հրապարակումներ կան Ուաշինկթընէն: Մէկը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար զինապէս օժանդակել Իսրայէլին, Հըզպալլայի դէմ նոր ծաւալով պատերազմ սանձազերծելու պարագային: Միւսը այն է, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի իր դաշնակիցին` ինքնապաշտպանուելու իրաւունքի իրականացման պահուն:

Ուշագրաւը այն է, որ նոր ռազմաճակատի բռնկման մասին այս յայտարարութիւնները կը կատարուին, սպառնալիքներու խուճապահարութեան գործողութիւնները կը ձեռնարկուին, երբ տակաւին չէ վճռուած Կազայի հրադադարը: Տուեալներ կան, սակայն, մտածելու, որ Կազան նախահրադադարային փուլի մէջ է:

Այս խառն ուղերձներու վրայէն որոշ առումով մշուշը կը հեռանայ, երբ աւարտի Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի այցելութիւնը Ուաշինկթըն:

Նոր ռազմաճակատի  սանձում-բռնկում պարանաձգութիւնը կը թուի, որ պիտի ընթանայ Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերակցութեամբ: Չորս կարելիութիւն կ՛ուրուագծուի նշուած հանգամանքները նկատի ունենալով:

1.- Առանց Կազայի հրադադարի նոր ռազմաճակատի բռնկում:

2.- Կազայի մէջ հրադադարի հաստատում եւ նոր ռազմաճակատի բռնկում:

3.- Ներկայ գոյավիճակի (սթաթիւս քօ) շարունակութիւն:

4.- Հրադադար` երկու ռազմաճակատներու ուղղութեամբ:

Պարանաձգումը կ՛ենթադրէ երրորդի եւ չորրորդի միջեւ անցումային փուլ: Մինչեւ  որ Ուաշինկթընն ու Թեհրանը յանգին հիմնական համաձայնութեան:

 

«Ա.»