image
Հրատապ լուրեր:

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Ազրպէյճանէն Թաւրիզ եւ մինչեւ Լա Հէյ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Ազրպէյճանէն Թաւրիզ եւ մինչեւ Լա Հէյ

Իսրայէլ բազմիցս յայտարարած էր, որ տարածաշրջանի գլխաւոր սպառնալիքը իրանեան պետութիւնն է: Որոշ ժամանակէ ի վեր նոյն հռետորաբանութիւնը չ՛օգտագործեր Ուաշինկթընը Թեհրանի նկատմամբ: Աւելի ուղղակի` Եւրոպան ներկայացնող պետութիւնները, որոնց կարգ մը ներկայացուցիչները նոյնիսկ Իրանի հետ գործակցութեան վերագործարկման մասին յայտարարութիւններ կատարած էին:

Նոր ժամանակաշրջանի մը նախադրեալները կան: Միայն Իրանի նկատմամբ  հռետորաբանութեան կամ շեշտադրումներու մասին չէ խօսքը Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ յարաբերակցութեան առումով:

 

Իրանի նախագահը Ազրպէյճանէն Թաւրիզ փոխադրող ուղղաթիռին խորտակումը առիթ կու տայ տարբեր ուղղութիւններով վերլուծումներ կատարելու:

Պատահարը մինչ այժմ կը վերագրուի եղանակային վատ պայմաններու, մշուշի պատճառով տեսանելիութեան խնդիրներու եւ շարժակի խանգարումի: Այդուհանդերձ չեն բացառուիր խափանարարութեան հետ կապուած տեսակէտները: Առաջին ակնարկով նկատուեցան իրանեան ոչ պաշտօնական աղբիւրներու շրջանառութեան մէջ դրած նիւթերը, որոնց համաձայն, պատահարին ետին կանգնած են իսրայէլեան իշխանութիւններ: Թել Աւիւէն հնչեցին յայտարարութիւններ, որ Իսրայէլը կապ չունի եղածին հետ:

Իրանի նախկին նախագահներէն Ռաճային զոհ գացած էր 1981-ին ընդդիմադիրներու կողմէ տեղադրուած ռումբի պայթումին հետեւանքով: Այս իրողութեան վերարծարծումը անուղղակիօրէն կրնայ յուշել, որ վարկածներուն մէջ չի բացառուիր ներքին խնդիրը: Այս կանխավարկածի իրականութեան համապատասխանելիութենէն անկախ հարցը այնպէս կը դրուի, որ Թեհրանի համար նոր քատրերու նշանակման գործընթացի մը մեկնարկը կրնայ արձանագրուիլ, ինչ որ իր հերթին Իրանին համար կ՛ենթադրէ նոր ժամանակաշրջան մը:

Կիսապաշտօնական շրջանակներու կողմէ պատահարի պատասխանատու կը նկատուին Միացեալ Նահանգները, որոնց պատժամիջոցային քաղաքականութիւնը իրանեան ուղղաթիռներն ու ինքնաթիռները զրկած է նոր սարքաւորումներէ:

Նոր ժամանակաշրջանը սակայն այլ ուղղութիւն կը յուշէ: Չմոռնանք, որ օժանդակութեան փութալու առաջին հայց ներկայացնողներէն էր Սէուտական Արաբիան: Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնութիւնը կայացած էր, սակայն տակաւին սայլը տեղէն նկատելի շարժ չէր գրանցած:

Թեհրանը զգօնութեան կոչեր կ՛ընէ եւ փաստօրէն պաշտօնական որեւէ մեղադրանք չէ հնչած: Մինչ այժմ կը շարունակէ գերիշխող մնալ արկածի վարկածը: Ցուցանիշային պիտի ըլլայ ցաւակցութիւն յայտնող պետութիւններու համապատկերը: Այդ ցաւակցագիրներուն տողատակի արձանագրուած կ՛ըլլան քաղաքական ուղերձներ:

Խափանարարութեան վարկածը չբացառելու վերլուծումներուն մէջ կարեւոր կը նկատուի վայրը, ուրկէ թռիչք առած էր Իրանի նախագահին ուղղաթիռը: Դէպի Թաւրիզ նաեւ օդային տարածքները կը ծածկեն հայկական Արցախէն Ազրպէյճանի գրաւած շրջանները, ուր տեղակայուած են իսրայէլեան ռազմական յենակէտերը: Այս առումով տակաւին լուռ է պաշտօնական Թեհրանը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարին առընթեր ուղղաթիռի զոհերէն են նաեւ  Արեւելեան Ատրպատական  նահանգի նահանգապետն ու նոյն նահանգի պետութեան հոգեւոր առաջնորդի լիազօր ներկայացուցիչը:

Այս հանգամանքները անմիջապէս կը  յիշեցնեն Թաւրիզի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութիւն հաստատելու որոշումը: Սիւնիքի  մէջ իրանեան հիւպատոսութեան դիմաց Ատրպատականի մէջ հայկական հիւպատոսութեան բացումի որոշումին մէջ անպայման առանցքային դեր ունին այս երկու պետական դէմքերը:

Իսրայէլ բազմիցս յայտարարած էր, որ տարածաշրջանի գլխաւոր սպառնալիքը իրանեան պետութիւնն է: Որոշ ժամանակէ ի վեր նոյն հռետորաբանութիւնը չ՛օգտագործեր Ուաշինկթընը Թեհրանի նկատմամբ: Աւելի ուղղակի` Եւրոպան ներկայացնող պետութիւնները, որոնց կարգ մը ներկայացուցիչները նոյնիսկ Իրանի հետ գործակցութեան վերագործարկման մասին յայտարարութիւններ կատարած էին:

Նոր ժամանակաշրջանի մը նախադրեալները կան: Միայն Իրանի նկատմամբ  հռետորաբանութեան կամ շեշտադրումներու մասին չէ խօսքը Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ յարաբերակցութեան առումով:

Իրանեան այս իրադարձութիւններուն կը զուգադիպի Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին Իսրայէլի վարչապետը ձերբակալելու պահանջը: Այդ պահանջը կը վերաբերի նաեւ Համասի կարգ մը ղեկավարներուն: Աննախընթացը սակայն պահանջի առաջին բաժինն է, եթէ նկատի ունենանք գործընթացներու իրաւաքաղաքական բաժինը եւ Իսրայէլը մարդկութեան դէմ ոճիր կամ ցեղասպանական գործողութիւններ իրականացուցած ըլլալու աննախադէպ պաշտօնական մեղադրանքները: Այդ ամբաստանութիւնները կրնան շատ ծանրանալ, եթէ փաստուի, որ Ազրպէյճանի Իսրայէլին տրամադրած տարածքներէն որեւէ մասնակցութիւն նկատուած է ուղղաթիռի ջախջախումին ուղղութեամբ: Իսկ այդ պարագային ոչ միայն Իսրայէլին:

 

«Ա.»