image

Ականապատ տարածքներու քարտէզներուն 25 տոկոսը տրամադրուած է․ Ատրպէյճանի վարչապետ

Ականապատ տարածքներու քարտէզներուն 25 տոկոսը տրամադրուած է․ Ատրպէյճանի վարչապետ

Հայաստանի կողմէ տրամադրուած ականապատ տարածքներու քարտէզները կը կազմեն ընդամէնը 25 տոկոս, ինչ որ կը բարդացնէ աշխատանքներու վերականգնումը Ղարաբաղի մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովը։

«Ցաւօք այն փաստը, որ Հայաստանը երկար ժամանակ կը հրաժարէր տրամադրելէ ականապատ տարածքներու քարտէզները, իսկ այնուհետ տրամադրած քարտէզներու ճշդութիւնը կը կազմէր 25 տոկոս, էականօրէն դանդաղեցուց աշխատանքներու վերականգնումը Ղարաբաղի եւ «Արեւելեան Զանգեզուրի մէջ»», նշած է Ատրպէյճանի վարչապետը։

Անոր խօսքով, այդ շրջաններու քաղաքաներու եւ գիւղերու վերականգնումը, ժամանակակից ենթակառուցուածքներու ստեղծումը պետական պիւտճէին պիտի արժէ 2,2 միլիառ մանաթ (1,3 միլիառ տոլար)։