image

Ահաբեկչական յարձակում Թէքսասի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ. կայ աւելի քան 20 զոհ (Լուսանկար)

Ահաբեկչական յարձակում Թէքսասի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ. կայ աւելի քան 20 զոհ (Լուսանկար)

Թէքսասի հարաւային կողմը գտնուող Սազըլալնտ Սփրինկ քաղաքի  եկեղեցիներէն մէկուն մէջ անյայտ զինեալ մը եկեղեցի մտած եւ կրակ բացած է, որու հետեւանքով արձանագրուած է 20-է աւելի զոհեր եւ մեծ թիւով վիրաւորներ: 

Այս մասին հաղորդող ամերիկեան աղբիւրները նշած են, որ ոստիկանութիւնը յաջողած է սպանել զինեալ ահաբեկիչին: Նշուած է նաեւ, որ գործողութեան ժամանակ եկեղեցիէն ներս եղած է մօտ 50 մարդ:

Ամերիկեան CNN-ի վերջին տուեալներու համաձայն, զոհերու թիւը հասած է 27-ի, իսկ վիրաւորները 24-ն են:

Ինչպէս կը նշէ SkyNews-ը, դէպքի վայր հասած երկու ուղղաթիռներ վիրաւորները տեղափոխած են հիւանդանոց: Վիրաւորերու շարքին կայ նաեւ 2 տարեկան երեխայ:


صورة

 


صورة