image

Աղօթք

Աղօթք

Կը հաւատամ թէ կը լսես լռութի՛ւնն իսկ անձայն մտքիս,

Ու յարատեւ կը դարմանես երախտամոռ յոյզը սրտիս,

Թէպէտ հաղորդ՝ բայց լաւ գիտես այս ինքնակամ քայլերն ոտքիս,

Արարչական խնամքիդ պէս, արտօնէ սո՛սկ բարին կեանքիս։

 

Ինքզինք կողբայ կեանքըս անկար, առանց աջիդ տէր հովանի,

Դիր մասունք մը հոգւոյս մէջ ալ, քու սրբազան շունչէդ բարի,

Թէ ոչ միտքըս աշխարհական, ու լիայոյս սէրս երկնային,

Երդումներով անգոյական՝ ունայնութեան կը մատնուի...

 

Հոսանք մըն է անջըրաւէտ, գետըս ապշոպ առանց շունչիդ,

Ինչպէս զեփիւռ մ’հովիտի մէջ, դէմը անզօր՝ փոթորիկին,

Թէեւ թերատ, բայց առյաւէտ, սէ՜ր կաղերսէ աղփուն հոգիս,

Երազ՝ անցքին քու արահետ, տէ՛ր գերազօր, յոյս երկնային։

 

Կը հաւատամ թէ կը լսես լռութի՛ւնն իսկ անձայն մտքիս,

Ու յարատեւ կը դարմանես երախտամոռ յոյզը սրտիս,

Թէպէտ հաղորդ՝ բայց լաւ գիտես այս ինքնակամ քայլերն ոտքիս,

Արարչական խնամքիդ պէս, արտօնէ սո՛սկ բարին կեանքիս։

Ամէն

 

ԿԱՅԼԱԿ

«Սէր ու կրակ» 

(Սեպտ. 28, 2012)

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...