image

«Ա՝խ ինչու են սիրողներդ պակասել...».Լեւոն Ջաւախեան սրտէն բխող խօսք(Տեսանիւթ)

«Ա՝խ ինչու են սիրողներդ պակասել...».Լեւոն Ջաւախեան   սրտէն բխող խօսք(Տեսանիւթ)

    Ուշագրաւն այն է, որ «քաղաքային գրականութեան», պարզ կերպարներու ապրումը թուղթին տուող այս վսեմական հայը օրերս իր ընթերցողներուն հետ աւելի «տիւզ» խօսելու համար անցած է բանաստեղծութեան։

 Գուցէ առաջին անգամը չէ, որ ան բանաստեղծութիւն կը կերտէ, բայց այս անգամուանը բազում առումներով կը տարբերի միւսներէն։

 «Արեւելք»ի ոսպնեակը այնտեղ էր ու որսաց այդ պահը. 

 Դիտեցէ՚ք.

Մեզմէ շատեր լսած են հայրենի գրող Լեւոն Ջաւախեանի մասին։

 Երեւանի ամէնաիւրայատուկ անկիւններէն համարուող «Վերնիսաժ»ը իր ներկայութեամբ աւելի շէնշող դարձուցած հայրենի գրողը իր ամէնօրեայ «սեւ հաց»ը կը վաստակի արծաթավաճառութեամբ։

 Կը շփուի մարդոց հետ, օրուայ արեւուն կամ անձրեւին կ՚ակնարկէ, Երեւանցի պարզ մարդու ու քաղաքացիի ամէնօրեայ «հալն ու քէֆ»ը կը պատկերէ, բայց մանաւանդ օրուայ քաղաքական պատկերը կը նկարագրէ։

 Անհանգիստ հոգի է ան , յար եւ նման մեր անհանգիստ եւ հազար ու մի մոխարգոյն երանգ պարունակող օրերուն ...։

 Մեծ հարցումներու առաջ կանգնած իր սիրած ժողովուրդին նման Լեւոն Ջաւախեանը կ՚ապրի ամէնօրեայ մեծ հարցադրումներու փոթորիկներու բովին մէջ։