image

800 Հազար մարդ կը պատրաստուի լքել Սուտանը. Իրավիճակը՝ աղէտալի

800 Հազար մարդ կը պատրաստուի լքել Սուտանը. Իրավիճակը՝ աղէտալի

Սուտանը կրնայ լքել 815 հազար մարդ, որմէ 580 հազարը՝ սուտանցիներ, ինչպէս նաեւ փախստականներ։ Այս մասին ըսած է ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գործակալութեան ղեկավարի տեղակալ Ռաուֆ Մազուն՝ յղում ընելով գործակալութեան ուսումնասիրութիւններուն։ Այս մասին գրած է Reuters-ը։

Ըստ Մազուի՝ մօտ 73 հազար մարդ արդէն լքած է երկիրը։

Մինչդեռ ՄԱԿ-ի մէկ այլ պաշտօնեայ՝ Ապտու Տիենկը, յայտարարած է Սուտանի մէջ լիակատար աղէտի մասին: «Աւելի քան երկու շաբաթ անցած է Սուտանի քայքայիչ մարտերէն, հակամարտութիւնը Սուտանի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը կը վերածէ լիակատար աղէտի», -ըսած է ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով երկրի համակարգողը տեսաճեպազրոյցին: «Ճգնաժամի տարածաշրջանային կողմնակի ազդեցութիւնը մեծ անհանգստութիւն կ'առաջացնէ», - ըսած է Տիենկ:

Սուտանի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ բախումներու հետեւանքով զոհուած է առնուազն 528 մարդ, վիրաւորուած է՝ 4599-ը։ ՄԱԿ-ը յայտնած է զոհերու նմանատիպ թիւ, սակայն կը կարծէ, որ իրական կորուստները շատ աւելին են։

Հակամարտութիւնը իշխանութեան համար պայքարին՝ կանոնաւոր բանակի եւ արագ արձագանգման պարագլուխներու միջեւ սրած է ապրիլ 15-ին։ 2021 թուականին Սուտանի մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումէն ետք անոնք կիսեցին կառավարութեան վերահսկողութիւնը եւ այժմ կը հակադրուին քաղաքացիական կառավարման անցնելու հարցով: