image

65-ամեակդ շնորհաւոր սիրելի դասընկեր. Գրեց՝ Նազարէթ Ճէրէճեան

  65-ամեակդ շնորհաւոր սիրելի դասընկեր. Գրեց՝ Նազարէթ Ճէրէճեան

Դպրոցական գրասեղականներուն վրայ ստեղծուած ընկերութիւնը անտեղիտալի է։ 

 Ընկերներ, որոնք կիսած են նոյն դժուարութիւնները, խմած են դպրոցի նոյն ջուրը եւ անոնց աչքերուն եկած է հայոգիի նոյն փայլը կը մնան յաւերժագին ընկերներ։ 

Այս մտորումներն ունեցանք այսօր երբ կարդացինք պէյրութահայ ազնուական մեր բարեկամին, (երբեմնի տնօրէն եւ կրթական մշակ) Նազարէթ Ճէրճեանին «սրտի խօսք»ը ուղղուած իր մանկութեան ընկերոջ եւ մեզի համար ալ անչափ սիրելի Տօքթ. Ռաֆֆի Պէտիկեանին, վերջինս 65-րդ տարեդարձին առթիւ։

 Ստորեւ գրառումը կը ներկայացնենք իր ամբողջութեանը մէջ այն վառ հաւատքով, որ այսպէս դպրոցական օրերէն արմատ նետած ընկերութիւնները աւելիով կը զօրացնեն մեր այսօրը, որպէսզի կարողանանք լիարժէք կերպով արժեւորել մեր ունեցած իրական ներուժն ու կարողականութիւնը։

 

Ճիշդ 45 տարիէ չեմ տեսած զինք։ «Ֆէյսպուք»ը միջնորդեց գտնելու` Գերմանիոյ մէջ։

Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի դասընկերներ էինք։ Մարզական խաղերէն ընդհանրապէս հեռու` սակայն կրթական առումով դասարանին լաւագոյներէն էր` միշտ առաջին եռեակին մէջ։ Տնօրէն պարոն Թօփճեանի գրասենեակէն առաջ, Ռաֆֆիին հօր` պարոն Վարուժան Պետիկեանի հաշուակալական աշխատասենեակն էր։ Իսկ մայրը` Դարուհի-Յակոբեան աղջկանց երկրորդական Վարժարանի տնօրէնուհի էր, հետագային (1985թ.) նաեւ Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան տնօրէն` տիկին Սօսի Պետիկեանը։

Անցեալ օր, գրադարանս «կարգի բերելու» ժամանակ, Պարոն Պետիկեանի «Սիրոյ եւ Կարօտի Աղաւնիներ» գիրքը ձեռքս անցաւ։ Ան իր բանաստեղծութիւններէն մէկն ալ զաւկին` Ռաֆֆիին նուիրած էր։ Կ'արժէ զայն ներկայացնել հոս, փոխան 65-ամեակի տարեդարձին շնորհաւորական անկեղծ զգացումներու` հանդէպ դասընկերոջ մը, որուն երբեք պիտի չի հանդիպիմ հաստատապէս։

«ԱՅՍ ԾԱՆՕԹԸ ԱՆԾԱՆՕԹ

Իր մահիճին մէջ փոքրիկ` կը ննջէ մանչս իմ աղուոր.....»

(շարունակութիւնը կարդալ ստորեւ, սեղմելով նկարը)։

Ծնունդդ շնորհաւոր, մանկութեան ընկերս ծանօթ... բայց... անծանօթ։

Նազօ Ճ. (23/07/23)