image

3 հայ զինուորի աճիւն յայտնաբերուած է

3 հայ զինուորի աճիւն յայտնաբերուած է

 

Հատրութի, Ֆիզուլիի եւ Ջապրայիլի ուղղութիւններով 16 յունուարին իրականացուած որոնողափրկարարական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած է եւս 3 զինծառայողի աճիւն: «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութհեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը:

 

Անոր խօսքով` որոնողափրկարարական աշխատանքները այսօր շարունակուած են Հատրութի, Ֆիզուլու, Ջապրայիլի, Ղուպաթլուի տարածքներուն մէջ։

«Որոնողափրկարարական աշխատանքներին մասնակցում է երեք ջոկատ, իւրաքանչիւրում` աւելի քան 20 մարդ։ Աշխատանքներին միացել են ինչպէս ծնողները, այնպէս էլ կամաւորներ»,–նշած Թադեւոսեանը։

Ընդհանուր առմամբ յայտնաբերուած են 1235 զինծառայողի եւ քաղաքացիական անձանց աճիւններ։