1986 Թուականին հիմնադրուած «Քումրուեան կրթաթոշակ»ը կը շարունակէ իր ազգօգուտ առաքելութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Լոս Անճելըս հրապարակուող ՝ «Ասպարէզ» պարբերականէն, որ այս առթիւ մասնաւորապէս կը գրէ ՝
Փիթըր եւ Ալիս Քումրուեան Հայկական կրթական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ սկսած է ընդունիլ 2023-2024 համալսարանական կրթական տարեշրջանի կրթանպաստի դիմումնագիրները։
Փիթըր եւ Ալիս Քումրուեան Հայկական կրթական հիմնադրամը հաստատուած էր 1986ին՝ շնորհիւ Ալիս Թորիկեան-Քումրուեանի կատարած 425,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութեան:
2023-2024 տարեշրջանի կրթանպաստներուն համար դիմումնագիրներ կամ յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի է ստանալ՝ գրելով terenikkoujakian@hotmail.com հասցէին կամ դիմելով (818) 990-7454 թիւին: Դիմունագիրները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 30 Յունիս։
Կրթանպաստները կը տրամադրուին հայ ուսանողներու, որոնք լիաժամ ամերիկեան համալսարաններ կը յաճախեն եւ լաւ նիշեր ապահոված ըլլալու կողքին՝ նաեւ նիւթական օժանդակութեան կարիքը ունին: