Ոստիկանութեան ծառայողներու որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ 28 փետրուարին 14-ամեայ Անժելա Վարդեւանեանը յայտնաբերուած է Գիւմրի քաղաքին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ոստիկանութեան Մուշի բաժնի կողմէն որպէս անհետ կորած կ'որոնուէր Գիւմրի քաղաքի բնակիչ, 2005 թուականին ծնունդ Անժելա Վարդեւանեանը, որ 26 փետրուարին, ժամը 10:30-ի սահմաններուն դուրս եկած էր տունէն՝ դպրոց երթալու նպատակով: