Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութիւնը հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորմանն առնչուող հարցերու ողջ շրջանակի շուրջ երբեք չէ ընդհատուած. այս մասին «ՌԲԿ»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը:
«Յոյսով ենք, որ նման շփումները կը շարունակուին։ Մենք կը դիտարկենք այս տարուան 12 հոկտեմբերին Պիշքէքի մէջ՝ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթնաժողովի միջոցառումներու շրջածիրէն ներս, արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով նման քննարկումներ կայացնելու հնարաւորութիւնը։ Ատրպէյճանական կողմն արդէն տուած է իր սկզբունքային համաձայնութիւնը։ Եւ մենք կ'ակնկալենք, որ հայկական կողմը նոյնպէս ամենայն պատասխանատւութեամբ կը մօտենայ այս հարցին ու կը համաձայնի մասնակցիլ նման բանակցութիւններուն», -ըսած է Կալուզինը։