Կը նշուի նաեւ, որ Ասատ վերջին անգամ Իրան այցելած էր 2019 թուականին եւ իրեն ընկերակցած էր «Ալ Քուտս» փաղանգի (Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան «Յեղափոխութեան պահապաններ»ու փաղանգի) ղեկավար զօր. Քասէմ Սուլայմանին, որ աւելի ուշ զոհուած էր Պաղտատի մէջ։
Նախապէս չյատարարուած այցելութեամբ մը Սուրիոյ նախագահ Տօքթ. Պաշշար Ասատ այցելութիւն տուած է Իրան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Նուր Նիւզ» կայքէն։
Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ Ասատ հանդիպում ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամէնիյիին հետ, եւ այս հանդիպումը երրորդն է 2011 թուականէն սկսեալ։
Կը նշուի նաեւ, որ Ասատ վերջին անգամ Իրան այցելած էր 2019 թուականին եւ իրեն ընկերակցած էր «Ալ Քուտս» փաղանգի (Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան «Յեղափոխութեան պահապաններ»ու փաղանգի) ղեկավար զօր. Քասէմ Սուլայմանին, որ աւելի ուշ զոհուած էր Պաղտատի մէջ։
Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, որ հանդիպման ներկայ եղած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին։
Հանդիպման մասին նշելով, աղբիւրը գրած է, որ այն եղած է սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ եւ Իրանցի առաջնորդը շատ բարձր գնահատած է Իրան- Սուրիա յարաբերութիւնները զանոնք համարելով գերազանցօրէն խորքային եւ ռազմավարական բնոյթ ունեցող յարաբերութիւններ։