image

1 օրուան մէջ Ռուսիան գնդակոծած է 119 ուքրաինական բնակավայր. կան զոհեր եւ վիրաւորներ

1 օրուան մէջ Ռուսիան գնդակոծած է 119 ուքրաինական բնակավայր. կան զոհեր եւ վիրաւորներ

Անցեալ մէկ օրուան ընթացքին ռուսական զօրքերը գնդակոծած են Ուքրանիոյ տարածքին գտնուող 119 բնակավայր, կան զոհեր եւ վիրաւորներ։ Այս մասին մայիս 1-ին յայտնած է Ռազմական մետիա կեդրոնը՝ վկայակոչելով երկրի Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալները։ 

«Ուքրանիոյ ՊՆ իրավիճակային կեդրոնի տուեալներով՝ վերջին մէկ օրուան ընթացքին ռուսական զօրքերը գնդակոծած են Ուքրանիոյ ինը շրջանի տարածքը... Խաղաղ բնակչութեան շրջանին կան զոհեր եւ վիրաւորներ, զոհերու թիւը կը ճշդուի»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հակառակորդը կիրառած է ականանետեր, հրասայլեր, հրետանի, նռնականետեր, համազարկային կրակի համակարգեր, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, ռազմավարական մարտավարական համակարգեր, անօդաչու թռչող սարքեր, մարտաւարական եւ ռազմավարական օդուժ։ Հաստատուած է 179 ենթակառուցուածքային կառոյցներու խոցում։