Պէյրութի ոստիկանութեան կողմէ տակաւին կը քննուի սոյն թուականի հոկտեմբերին տեղի ունեցած Զուքաք Ալ Պլաթի դէպքը, որուն ընթացքին Ալի Եունէս անունով պատանին որսորդական հրացանով նախ սպանած էր իր հայրը, այնուհետեւ զինք կանգնեցնել փորձող դրացիները:
Ըստ «Lebanon 24» լրատուական կայքի փոխանցաց տեղեկութիւններուն, հարցաքննուող Ալի Եունէս յայնած է, որ ինք սխալմամբ կրակած է հօր ուղղութեամբ, այնոհետեւ կրակոցներու ձայներ լսելով կրակ արձակած է բոլոր անոնց ուղղութեամբ, որոնք կը փորձէին իր դէմ դուրս գալ:
Պատանին նշած է նաեւ, որ ինք նպատակ ունեցած է լքել հայրական տունը, որովհետեւ մանկութեան օրերուն բռնութեան ենթարկուած է, անգամ զինք այրած են «միսի շամփուրով», եւ որովհետեւ գիտէր, թէ երբ տունէն հեռանայ, հայրը պիտի հետեւի իրեն, այդ պատճառով ալ իր հետ վերցուցած էր այդ զէնքը:
Ամբաստանեալին մօր հարցաքննութեան ժամանակ վերջինս նշած է, որ իր որդին մօտ ութ ամիսներէ ի վեր արգիլած է որեւէ անձի մուտքը իր սենեակ, եւ այնտեղ փակուած ժամեր կը տրամադրէր «XBOB» խաղին, իսկ ինչ կը վերաբերի հօր հետ վիճելուն, մայրը նշած է, որ նոյն օրը ոչ որեւէ վիճաբանութիւն տեղի չէ ունեցած Ալիի ու հօր միջեւ, եւ ինք էր, որ մշտապէս ամուսինին կողմէ ծեծի կ'ենթարկուէր, բան մը, որ բնական դարձած էր իր ու երեխաներուն համար:
Հարցաքննութեան Ալիի եղբայրը յայտնած է, որ իր եղբայրը շատ ջղային բնաւորութիւն ունէր, եւ յաճախ կը կռուէր հօր հետ, իսկ դէպքէն քանի մը ամիս առաջ երբ հրացանը կը մաքրէր, զայն պահելով դրացի շէնքին ուղղութեամբ ըսած է. «Երանի կարողանայի ինչ որ մէկը սպաննել»:
Նշենք, որ Ալի Եունէսը քննող հոգեբուժին կողմէ տրուած տեղեկանքին համաձայն, վերջինս որեւէ հոգեկան խնդիրներ չունի, որոնք կրնան զինք նման քայլի մղած ըլլալ: