image

Ըստ Սէուտական Արաբիոյ Քաթար չի կատարեր իր խոստումները

Ըստ  Սէուտական Արաբիոյ Քաթար չի կատարեր իր խոստումները

Աւստրիոյ, Փորթուկալի, Թուրքիոյ եւ շարք մը արաբական երկիրներու մէջ գործող Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատուները իրենց թուիթըրեան էջերուն, «Քաթար չկատարեց իր խոստումները» խորագրով գծագրեալ (ինֆոկրաֆիք) նիւթ տարածած են, տուեալ երկիրներու պաշտօնական լեզուներով:  Այս մասին կը հաղորդէ «skynewsarabia» կայքը, նշելով, որ գրութիւնը առաջին հերթին հրապարակած է Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Այդ գծագրեալ նիւթին մէջ նշուած է. «Տոհայի հետ բոլոր փորձերը ձախողեցան եւ ան չկատարեց կրկնուող պահանջքները, որոնց վերջինը 2013-ին եւ 2014-ին էր», աւելցնելով, որ Տոհան՝ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը դադրեցնելու եւ երկիրներու ներքին հարցերուն չմիջամտելու վերաբերեալ իր խոստումը չյարգեց»:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է, որ «Քաթարի հետ յարաբերութիւնները խզելու որոշումը եղած է  ստեղծուած իրավիճակը շտկելու, եւ ահաբեկչական ու ծայրայեղական խմբաւորումներու ֆինանսաւորման աղբիւրները չոցնելու նպատակով»: