Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) Քրոնա ժահրը յայտարարեց համաշխարհային համաճարակ:
Կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնը կոչ ըրաւ կառավարութիւններուն աւելի համակարգուած եւ արդիւնաւէտ քայլեր ձեռնարկել սեփական քաղաքացիներու առողջութիւնը պահպանելու համար:
«Իւրաքանչիւր պետութիւն կրնայ իր ներդրումը ունենալ համաճարակի դէմ պայքարին»,- Ժնեւի մէջ մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց ԱՀԿ գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուսը:
Ան թուիթըրեան իր էջին նաեւ գրած է. «ԱՀԿ-ն կը կարծէ, որ ներկայիս բռնկումը փանտեմիա է (համաճարակ): Մօտ օրերս մենք կ'ակնկալենք, որ «քորոնա» ժահրի հետեւանքով վարակման, մահուան դէպքերու թիւը կ'աճի»:
Փանտեմիա կը կոչուի անսովոր հզօր համաճարակը, որ կը բնութագրուի վարակային հիւանդութեան տարածմամբ աշխարհի շատ երկիրներու տարածքներուն:
11 Մարտի դրութեամբ աշխարհի 114 երկիրներու մէջ 118 հազար մարդ վարակուած է «քորոնա» ժահրով: