Վերջին օրերուն Սուրիայէն եկած մահերու եւ թագաժահրին օր օրի արագ կերպով տարածուելուն լուրերը, ահ ու սարսափ կը պատճառեն բոլոր ՄԱՐԴոց, որոնք սուրիացիներով (որոնց մէջ նաեւ սուրիահայերը) մտահոգ են, եւ մանաւանդ անոնց, որոնք ընտանիքի անդամներ, ազգականներ, հարազատ մարդիկ, ծանօթներ, ընկերներ ու բարեկամներ ունին…
Թագաժահրը անխնայ կը խլէ երիտասարդին ու ծերին կեանքը՝ առանց հարցնելու: Սուրիյո առողջապահական համակարգը, որ տակաւին չէր վերականգնած երկրի մէջ տիրած անցնող տաս տարիներու պատերազմին պատճառվ, այսօր, ա՛ռանձինն ի զօրու չէ դիմադրելու եւ յաղթահարելու թագաժահրը: Այս մէկը բոլորին համար պարզ ու յստակ է:
Սակայն, այս պարզութիւնն ու յստակութիւնը չես գիտեր ինչու, հասնալեի չէ ան մարդոց, որոնք «մարդու իրաւունքներու պաշտպան» են որպէս թէ, եւ որոնք անցնղ տաս տարիներու ընթացքին յանուն սուրիացիներուն աջ ու ձախ կը պոռային, փորձելով աշխարհին ուշադրութիւն դարձնել դէպի Սուրիա, ուր ըստ իրենց մարդոց իրաւունքը կ'ոտնահարուի, մարդիկ անարդարութեան կ'ենթարկուին, եւ այլն, եւ այլն…
Ո՞ւր գնաց այդ «մարդոց», այդ «մարդու իրաւունքեր պաշտպանող»ներուն ձայնը:
Ո՞ւր է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը:
Ո՞ւր է Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը:
Ո՞ւր է Արաբական աշխարհը:
Մէկ խօսքով ո՞ւր է մարդկութիւնը:
Ի՞նչ բանի կը սպասեն, ի՞նչ բանի ակնկալիք ունին իրենց սառնասիրտ լռութեամբ եւ անտարբերութեամբ: Սուրիացիներուն ապահովութիւնն ու բարօրութիւնը այլեւս չե՞ն հետաքրքրեր զիրենք:
Պարզապէս ամօթալի է այս լռութիւնն ու անտարբերութիւնը եւ մեծ արատ մը մարդկութեան ճակտին:
Ի վերջոյ ա՜յնքան խօսուն է մեր Սիամանթոյի ըսածը, թէ՝ «Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քու ճակատիդ»:
Վարանդ Քորթմոսեան
14 Օգոստոս 2020