Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ, խորհրդարանի վրայ եղած յարձակման արդիւնքով առնուազն հինգ պատգամաւոր եւ խորհրդարանի 7 աշխատակից տուժած է: Այս մասին կը յայտնէ Ռոյթըրզ գործակալութիւնը, նշելով, որ Խորհրդարանի անդամներու կարծիքով, պատասխանատուութիւն կը կրեն կառավարամէտ ռազմական խմբաւորումները:
AFP-ի փոխանցմամաբ, տասնեակ դիմակաւոր, իշխող ընկերվարական կուսակցութեան գոյնին համապատասխան՝ կարմիր զգեստներով մարդիկ, ներխուժած են խորհրդարանի տարածք եւ պայթուցիկներ արձակած:
Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօն դատապարտած է օրէնսդիր մարմնի հանդէպ կատարուած յարձակումը եւ յանձնարարած է հետաքննել միջադէպը։
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ ոստիկանական ուղղաթիռէն 15 փամփուշտ արձակուած էր ներքին գործոց նախարարութեան շէնքին ուղղութեամբ եւ չորս ձեռնառումբեր նետուած էին Գերագոյն դատարանին վրայ: Մարդկային վնասներ չէին արձանագրուած: