Պելճիքա յայտարարած է, որ ԱՄԷ-ի մօտ իր այժմու դեսպան Տոմինիք Մինուր յառաջիկայ ամրան պիտի տեղափոխուի Սէուտական Արաբիա, որպէս Պելճիքայի դեսպան: Այս մասին կը հաղորդէ «Independent» լրատուականը:
Թերթին կարծիքով, Սէուտական Արաբիա առաջին կին դեսպանն ուղարկելով Պելճիքա կ'ընդդիմանայ այնտեղ տիրող կնոջ իրաւունքներու ոտնահարման դէմ:
Պելճիքայի կառավարութեան անունվ հանդէս եկող աղբիւրը նշած է, որ Մինուրի նշանակումը Սէուտական Արաբիոյ յղուած նամակ մըն է, թէ վերջինս շրջակայ երկիրներու համեմատութեամբ կը յապաղի բարեփոխումներ կատարելու մէջ:
