image

Ո՞վ պիտի փոխարինէ Արսէն Ճուլֆալաքեանը

Ո՞վ պիտի փոխարինէ Արսէն Ճուլֆալաքեանը

Երէկ մանտաթը վար դնելու մասին յայտարարած Արսէն Ճուլֆաքեանը պիտի փոխարինէ Նարեկ Ղահրամանեանը, որ «Իմ քայլը» դաշինքի համամասնական ցուցակի յաջորդ համարն է: Ան 2018-ին Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ նշանակուած էր Կապանի քաղաքապետի պաշտօնակատար:

1991-ի ծնունդ Նարեկ Ղահրամեանը ՔՊ կուսակցութեան հիմնադիր անդամ է։

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Ճուլֆալաքեանը դիմած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանին պատգամաւորական մանտաթը վար դնելու կապակցութեամբ:

Ան իր յայտարարութեան մէջ նշած էր, որ այդ քայլի դիմելու պատճառը ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ ունեցած սկզբունքային անհամաձայնութիւններն են անոր ենթակայութեան տակ գտնուող ոլորտներու կառավարման մօտեցումներու վերաբերեալ: