Ռուսիոյ նախագահական պալատի պաշտօնական խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ լրատուամիջոցներու կողմէ Ռուսիոյ դէմ մղուող պայքարին նպատակը երկրի ինքնիշխանութիւնը խոցելն է, կը յայտնէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
«Այն, ինչին ականատես կը դառնանք ներկայիս, նպատակ ունի տեղեկատուական տեխնիկաներու միջոցով լռեցնել Ռուսիոյ ինքնիշխանութիւնն ու իշխողական ձայնը, նաեւ խեղդել անոր աճող կարողութիւններն ու իր դիմագիծը համաշխարհային հանրութեան ներկայացնելու ունակութիւնը»,- յայտնած է Փեսքով:
Վերջինս շեշտած է, որ Ռուսիա ջանք չի խնայեր նման սուտ տեղեկութիւններու տարածման առաջքն առնելու համար: