image

Տոհա կը պատրաստուի Սուրիոյ պատերազմին մասին «Վտանգաւոր տեղեկութիւններ» հրապարակել

Տոհա  կը պատրաստուի Սուրիոյ պատերազմին մասին «Վտանգաւոր տեղեկութիւններ» հրապարակել

Ըստ օրերս տարածուած տեղեկութիւններուն, Տոհա մօտ օրէն բացայայտումներ պիտի հրապարակէ, որոնք բաւականին վտանգաւոր տեղեկութիւններ կը պարունակեն, կը գրէ «Ալ Տիար»ը:

Ըստ աղբիւրին, Տոհա յայտարարած է, որ իր մօտ ապացոյցներ կան, որոնք կը փաստեն լիբանանցի անվտանգութեան մարմիններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական ղեկավարներու աջակցութիւնը Սուրիոյ «յեղափոխութեան», անգամ 2011 թուականին անոր բռնկումէն առաջ:

Մանրամասնելով լուրը, աղբիւրը կը պատմէ, թէ Թուրքիոյ, Յորդանանի եւ Լիբանանի սահմանակից շրջաններուն մէջ 2011 թուականէն առաջ սկիզբ առած են վարչակարգը տապալելու նախապատրաստական գործողութիւնները, եւ, ըստ Տոհայի յայտարարութեան, ինք ոչ միայն տեղեակ է այդ գործողութիւններուն մէջ լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջամտութեան մասին, այլեւ իր մօտ ունի բոլոր այդ անձերու անուանացանկերը, որոնք անգամ ամսական աշխատավարձեր կը ստանային ծովայի ճամբով դէպի հիւսիս զինամթերք տեղափոխելու գործին մասնակից դառնալու համար:

Նշուած է նաեւ, որ զինամթերքի տեղափոխումը կ'իրականացուէր անվտանգութեան մարմիններու «պաշտօնական» հովանաւորութեամբ, որոնց միջոցով զինամթերքը կը հասնէր սահմանային անցակէտեր, որմէ ալ ապօրինի կերպով մուտք կը գործէր Սուրիա:

Իսչ անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչո՞ւ նման տեղեկութիւններ յայտնուած են Քաթարի մօտ, պատասխանն այն է, որ նշուած գործողութիւններու իրագործման մէջ, առաջին երկու տարիներու ընթացքին, իր բաժինն ունեցաւ նաեւ Քաթար, որուն համար նիւթական օժանդակութիւն կը ստանար Սէուտեան Արաբիայէն: