Նիւ Եորքի մէջ նախատօնական պատրաստութիւններ կ'իրականացուին, հարիւրաւոր սպաներ նախապատելով Նոր Տարուան գիշերուան, կանխելու համար որեւէ ահաբեկչական գործողութեան իրագործումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Նշուած նախազգուշական քայլերու պատճառը «Times Square»ի կայարաններէն մէուն մէջ 11 դեկտեմբերին տեղի ունեցած պայթումի փորձն է, նկատի ունենալով, որ Նոր Տարուան գիշերը այդ նոյն վայրին մէջ մօտ երկու միլիոն քաղաքացի կը հաւաքուի:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, Նիւ Եորքի փողոցները տարածուած ոստիկանութեան աշխատակիցներուն մէջ դիպուկահարներ յայտնաբերող յատուկ անդամներ կան, նաեւ պիտի աւելցուի վարժեցուած շուներու թիւը: