Սուրիոյ ըննդիմադիր տարբեր աղբիւրներ նշեցին, որ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող 150 զինեալներ, Թուրքիայէն Սուրիա մտած են «Պապ Ալ Հաուա» անցքի ճամբով , «Ահրար ալ Շամ»ին հետ «Ժապհըթ ալ Նուսրայի»ն դէմ կռուելու եւ Իտլիպը իրենց տիրապետութեան տակ առնելու նպատակով:
Նշենք, որ Իտլիպի մէջ ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներ իրար դէմ կը պատերազմին եւ այդ քաղաքը այսօր կը համարուի ընդդիմադիրներու գլխաւոր կեդրոն Ռաքքայէն ետք, որ «Իսլամական պետութեան» մայրաքաղաքն է: