image

Թուրքիոյ մէջ գերի ինկած սուրիացի սպան ազատութեան մէջ

Թուրքիոյ մէջ գերի ինկած սուրիացի սպան ազատութեան մէջ

Թրքական դատարանը ուրբաթ օր ազատ արձակած է իր մօտ գտնուող սուրիացի օդաչու Մուհամմատ Սաֆուանը: Այս մասին յայտարարած է սուրիական պետական հեռուստակայանը, նշելով, որ օդաչուն վերադարձած է Սուրիա:

 

Յիշենք, որ Սաֆուան Թուրքիոյ սահմանի անվտանգութիւնը խաթարելու եւ լրտեսութիւն ընելու մեղադրանքով գերեվարուած  էր,  երբ վերջինիս վարած   կործանիչը վար առնուաղ էր թրքական Հաթայ շրջանին մէջ:  

 

 

Թրքական աղբիւրներ երէկ յայտարարած են, որ Հաթայի քրէական դատարանը ազատ արձակած է օդաչուն, սակայն անոր գործով դատավարութիւնը տակաւին կը շարունակուի:

 

Սաֆուանի փաստաբան՝ Անիլ Ճաուահէր Ճանը յայտնած է, որ «տակաւին պարզ չէ, եթէ սուրիացի օդաչուն պիտի ստիպուի վերադառնալ Թուրքիա` իր դատավարութեան համար, որ նախատեսուած է 25 հոկտեմբերին»: Ան աւելցուցած է՝ «Յոյս ունինք, որ Սաֆուանի ազատ արձակումը կ'օգնէ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ բարեկամութեան կամուրջներու վերականգնման»: