Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Անգարայի մէջ կայացած մրցանակաց բաշխութեան ժամանակ յայտնած է, որ ԱՄՆ նախագահ Թրամբ չի կրնար իր տոլարներով Թուրքիոյ կամքը գնել: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
«Դեմոկրատականութեան օրրան համարուող ԱՄՆ կ'ուզէ տոլարներու դիմաց աշխարհի երկիրներու կամքը գնել»,- բարձրաձայնած է Էրտողան, աւելցնելով, որ նման բան չի կրնար իրագործել Թուրքիոյ պարագային, որովհետեւ իրենց որոշումը յստակ է:
Նշենք, որ ԱՄՆ նախագահ Թրամբ յայտարարած էր, որ այն երկիրները, որոնք ՄԱԿ-ի կողմէ իր որոշումը դատապարտող որոշման նախագիծին կողմ պիտի քուէարկեն, պիտի զրկուին իր երկրին կողմէ տրամադրուող օգնութիւններէն: