Եւրոպական խորհրդարանէն ներս ներկայացուած բոլոր առաջատար քաղաքական ուժերը համակարծիք են` Թուրքիոյ հետ ԵՄ-ին անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները պէտք է դադրեցուին: Իրար յաջոդող այս կարծիքները Պրիւքսէլի մէջ հնչած էին չորեքշաբթի երեկոյեան` Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին, որու օրակարգային թեմաներէն մէկը 16 ապրիլին կայացած հանրաքուէէն յետոյ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակն էր:
«Այն պահուն երբ սահմանադրական փոփոխութիւնները ամբողջութեամբ ուժի մէջ մտնեն, Թուրքիան ալ աւելի պիտի հեռանայ եւրոպական չափանիշներէն: Խօսքը, նախեւառաջ, իշխանութեան թեւերու տարանջատման եւ դատական համակարգի անկախութեան մասին է»,- դիմելով եւրոպացի խորհրդարանականներուն, յայտարարած է Եւրոմիութեան հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Եոհանէս Հանը:
Եւրոխորհրդարանի խոշորագոյն խմբակցութեան` Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան ներկայացուցիչները անհամամետ աւելի կոշտ էին իրենց գնահատականներուն մէջ: Խմբակցութեան ղեկավար՝ գերմանացի Մանֆրէտ Վէպըր, օրինակ, պնդած էր, որ Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու հեռանկարներու շուրջ խօսակցութիւնները իրականութեան մէջ «ինքնախաբէութիւն են»:
«Տեսողութեան հետ խնդիրներ չունեցող իւրաքանչիւր անձ կը հասկնայ, որ եկած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վերագնահատելու, յանձնակատար Հանի կողմէ այստեղ բարձրացուած հարցերուն պատասխանելու ժամանակը: Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան համար Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան այլեւս իրատեսական չէ: Երեսպաշտութեան որեւէ դրսեւորման հարկաւոր է վերջ տալ», - յայտարարած է Վէպըր:
Եւրոխորհրդարանէն ներս ներկայացուած ազատականները եւս համոզուած են, որ ժամանակն է փոխել Թուրքիա-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան ամբողջ ձեւաչափը: Այս մասին յայտարարած է Եւրոխորհրդարանի մէջ ազատականներու եւ ռամկավարականներու դաշինքի ղեկավար՝ Պէլճիքայի նախկին վարչապետ Կի Վերհոֆսթատը, որու համոզմամբ, Պրիւքսէլը պէտք է պարզապէս իրաւաբանօրէն ամրագրէ բանակցային գործընթացին մէջ ստեղծուած տէ-ֆաքթօ կացութիւնը:
«Այժմ շատ կարեւոր է, որ մենք համագործակցութեան նոր ձեւեր գտնենք, նոր առաջարկ ընենք Թուրքիոյ: Իմ համոզմամբ, Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները հարկաւոր է դադրեցնել: Փաստական առումով՝ այդ գործընթացը արդէն իսկ սառեցուած է: Ձեւական առումով, Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները դադրեցուած չեն, բայց, փաստօրէն, սառեցուած են»,- յայտարարած է Վերհոֆսթատը:
Եւրոխորհրդարանէն ներս երէկ ծաւալուած քննարկումներու ծիրէն ներս յատկապէս ուշագրաւ էին Թուրքիոյ` Եւրոմիութեան անդամակցելու օգտին աւանդաբար հանդէս եկող քաղաքական խումբերու մօտ առկայ տրամադրութիւններնը: Այս առումով՝ խօսուն էր Մեծ Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Սայէտ Քամալի ելոյթը, որ իր գործընկերներուն կոչ կ'ընէր սին յոյսեր չառաջացնել Անգարայի մօտ:
«Նախեւառաջ, մենք պէտք է Թուրքիոյ հետ ազնիւ ըլլանք եւ ըսենք, որ այդ երկիրը կրնայ երբեք Եւրոմիութեան անդամ չդառնալ: Մտահոգութիւնները չափազանց շատ են․ իսլամական մեծամասնութիւն ունեցող պետութեան հանդէպ առկայ կանխակալ տրամադրութիւնները, հանգամանքը, որ երկրի տարածքի մեծ մասը կը գտնուի Ասիոյ մէջ, միլիոնաւոր թուրքերու Եւրոմիութեան տարածքէն ներս ազատօրէն տեղաշարժելու իրաւունք շնորհելը, ԵՄ կառոյցներուն մէջ Թուրքիոյ ծանրակշիռ դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ անդամակցութեան պարագային Եւրոմիութեան արտաքին սահմանները կը հասնին Իրան, Իրաք եւ Սուրիա»,- յայտարարած էր բրիտանացի պատգամաւորը:
Թուրքիոյ գծով Եւրոխորհրդարանի զեկուցող, Հոլանտան ներկայացնող ձախ պատգամաւոր Քաթի Փիրին բանավէճի մանակիցներէն թերեւս միակն էր, որ կոչ կ'ընէր՝ մտածել այն քայլերու մասին, որոնք պիտի հետեւին Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններու վերջնական դադրեցման:
«Եթէ անգամ բանակցութիւնները դադրեցուին, նոյնն է՝ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն փոխշահաւէտ բնոյթ կրել: Թուրքիոյ հետ համագործակցութիւնը կրնայ շարունակուիլ այն ոլորտներէն ներս, ուր մարդու իրաւունքներն ու ժողովրդավարութիւնը որեւէ նշանակութիւն չունին: Այդ նպատակով Եւրոմիութեան տնտեսական կարողութիւնները կրնան որպէս լծակ օգտագործուիլ` Թուրքիոյ մէջ բարեփոխումները խթանելու նպատակով»,- յայտարարած է Փիրին: