image

Թուրքիոյ դէմ բողոքի ցոյց Պրիւքսէլի մէջ

Թուրքիոյ դէմ  բողոքի ցոյց Պրիւքսէլի մէջ

 Պոլսոյ մէջ    ձերբակալուած    իրաւապաշտպանները  ազատ   արձակելու  պահանջով     բողոքի  ցոյց  տեղի ունեցած է:գ Ցոյցը  եղած է Պրիւքսէլի  եւրայանձնաժողովի  շէնքին   դիմաց:

Նշենք որ 5 յուլիսին, Պոլսոյ մէջ ձեռբակալուած էին  10 իրաւապաշտպաններ որոնցմէ 5-ը արդէն ազատ առձակուեցաւ: Ձերբակալուածներուն մէջ կար նաեւ «Amnesty International» միջազգային իրաւապաշտպանական կազմակերպութեան, Թուրքիոյ բաժնի տնօրէն՝ Իդիլ Էսերը:

Թրքական «Տիքէն» թերթը նկարներ հրապարակեց ցուցարարներու  պաստառներու գրութիւններէն, ուր գրուած էր. «Թուրքիա, ազատ արձակեցէք իրաւապաշտպանները»:

Սակայն՝ թրքական թերթը չբացայայտեց թէ որու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է  ցոյցը: