image

Թուրքիա. Amnesty international կազմակերպութեան աքթիւիսթներ 15 տարուան բանտարկութեան սպառնալիքի տակ են

Թուրքիա. Amnesty international  կազմակերպութեան աքթիւիսթներ  15 տարուան բանտարկութեան սպառնալիքի տակ են

Թուրքիոյ դատախազութիւնը պահանջած է Amnesty international   կազմակերպութեան 11 աքթիւիսթներ բանտարկել: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ դատարանը 11 գործիչներուն հանդէպ ահաբեկչական խմբաւորման անդամակցելու մեղադրանք ներկայացուցած է:

 

 Ըստ թրքական DNA գործակալութեան, աքթիւիսթներէն  8-ն արդէն կալանաւորուած են՝ երեք ամիսներէ ի վեր:

 

Աղբիւրը կը նշէ, որ Թուրքիոյ անվտանգութեան մարմիններ    աքթիւիսթները  կալանաւորած էին 6 յուլիսին, երբ անոնք Պոլսոյ հարաւը գտնուող «Պիուք Ատա»ի մէջ կը մասնակցէին թուային անվտանգութեան եւ տեղեկատուութեան կառավարման աշխատանոցին: Կալանւորեալներու շարքին էր կազմակերպութեան Թուրքիոյ գրասնեակի տնօրէնուհի՝ Էյտիլ Իյսար եւ գերմանիոյ քաղաքացի Փիթըր Շտոիտթնըր:

 

«Կալանքի երկարաձգումը շատ վատ փաստ է, թէ ինչպիսի վերաբերմունքի կ'արժանանան Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքարողները», -ըսած է կազմակերպութեան Եւրոպայի գրասենեակի տնօրէն Ճոն Տալհիզերը եւ պահանջած  արագօրէն  ազատ արձակել գործիչները:

 

   Տեղեկութիւններ կան, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը փորձեն ամէն գնով  աքթիւիսթներուն անունները փոխառնչել           2016   յուլիսին երկրին մէջ  կատարուած յեղաղրջման  փորձին հետ: