Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրակած են ՀՀ ԶՈՒ Վարդենիսի զօրամասի, ինչպէս նաեւ օդուժ կիրառած են դիրքերու ուղղութեամբ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին գրած է ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:
Ան, մասնաւորախպէս, նշած է. «Հակառակորդի այս գործողութեան նախորդած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ապատեղեկատւութիւնը, թէ, իբր, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը Վարդենիսի շրջանէն հրթիռակոծած են Ատրպէյճանի Տաշքեսանի շրջանը։ Այսպիսով, փաստօրէն, հակառակորդը փորձած է հող նախապատրաստել հիմնաւորելու համար իր հետագայ գործողութիւնները։ Սպասեք կոշտ պատասխանի»: