Ամերիկեան «Պլումպըրկ» գործակալութեան կատարած վերլուծութեան համաձայն, Թրամբը քննադատող «Կրակ եւ զայրոյթ» գիրքը հեղինակ Մայքլ Ուոթֆին կրնայ 7.9 միլիոն տոլարի հասոյթ ապահովել: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Daily Mail» թերթը:
Աղբիւրին համաձայն, մինչեւ այս պահը հեղինակն ու հրատարակչատունը ոչ մէկ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած են գիրքի վաճառքէն գոյացած գումարին մասին:
Վերլուծող կազմակերպութիւնը նկատի ունեցած է, որ հեղինակը որպէս նախնական գումար ստացած է 500 հազար ԱՄՆ տոլար, այնուհետեւ իւրաքանչիւր գիրքի վաճառքէն իրեն բաժին հասած է հեղինակին բաժին հասնող տոկոսը՝ 15 առ հարիւրը:
Գիրքը մինչեւ օրս վաճառուած է 29 հազար տպագիր, 250 հազար ելեկտրոնային եւ 100 հազար ձայնային տարբերակով: