image

Թրամբ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց

Թրամբ  արտակարգ դրութիւն յայտարարեց

ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամբ երկրի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է՝ կապուած նոր տեսակի «Քորոնա» ՝ պսակաձեւ  ժահրի տարածման հետ, կը յայտնէ Sky News-ը:

«Ես պաշտօնապէս կը յայտարարեմ արտակարգ դրութիւն»,- ըսած է Թրամբը մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

Արտակարգ դրութեան ռեժիմը թոյլ կու տայ վարակի տարածման կանխարգելմանն ուղղուած դաշնային միջոցներ տրամադրել նահանգներուն:

ԱՄՆ նախագահի խօսքով՝ այժմ հնարաւոր պիտի ըլլայ «քորոնա ժահր»ի դէմ պայքարի համար 50 միլիառ տոլար յատկացնել:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ ԱՄՆ-ն 13 մարտէն ներառեալ՝ 30 օրով պիտի արգիլէ Եւրոպայէն մուտքը Նահանգներ: Ներկայիս ԱՄՆ-ի մէջ գրանցուած է «Քորոնա»  պսակաձեւ ժահրի 1629 դէպք, որմէ 41-ը՝ մահուան ելքով։

Ամբողջ աշխարհի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 131 621-ի, մահուան դէպքերու քանակը 4940 է, առողջացած է աւելի քան 68 500 մարդ: Հայաստան հաստատուած է վարակի 13 դէպք։