Ինչպէս տարբեր երկիրներու, նոյնպէս ալ Եգիպտոսի մէջ մեծ տարածում ունի «ֆուտ-պլոկինկ»ը: Խօսքը կը վերաբերի ոչ միայն ճաշ պատրաստելուն, այլ նաեւ խոհարարութեան հետ կապուած ունակութիւնները մշակութային մօտեցումներով ներկայացնելու:
Վերջին շրջանին այս ոլորտին մէջ մեծ տարածում սկսած է գտնել եգիպտահայ Շահան եւ Մելիսա Թերզիպաշեան հայ զոյգը: Անոնք եգիպտական տարբեր ճաշարաններ այցելելով եւ այդ մասին նկարեր եւ գրառումներ տարածելով, յաջողած են եգիպտական զբօսարջութեան նոր եռանդ հաղորդել: Այս մասին կը գրէ եգիպտական «Ախպար Ալ-եաում»ը, նշելով, որ Թէրզիպաշեան ամոլը այցելութիւն կու տայ Եգիպտոսի ամենայայտնի եւ վերջերս բացուած ճաշարանները եւ իրենց առած լուսանկարներով սկսած են հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացնել այդ ուղղութեամբ:
Շահան Թէրզիպաշեան խօսելով եգիպտական կայքին, նկատել տուած է, թէ ինք ճամբորդած է շարք մը երկիրներ, սակայն ոչ մէկ տեղ հանդիպած է Եգիպտոսի ճաշարաններուն գեղեցկութեան, ճոխութեան եւ բազմազանութեան:
Իսկ Շահանի կինը՝ ամերիկայի քաղաքացի Մելիսան եւս յայտնած է, որ «Եգիպտոսը իսկապէս ամենալաւին արժանի է, որովհետեւ ան շատ գեղեցիկ երկիր է»:
«Sputnik Armenia» հարցազրոյց ունեցած է Թերզիպաշեաններուն հետ, նշելով, որ Եգիպտոսի մէջ յայտնի ֆուտ–պլոկըրներ, ամուսիններ Շահան Թերզիպաշեանն ու Մելիսա Խորխորեանը ծանօթացած են բաւական արտասովոր ձեւով։ Անոնց «կապած է» հայկական այբուբենը։
Ծնունդով Պոլսեցի Մելիսան ըսած է, որ ապագայ ամուսինը Instagram–ի մէջ իր նկարը տեսնելով` ուշադրութիւն դարձուցած է աղջկան ձեռքի ապարանջային։
«Մենք շատ պատահական սկսանք շփուիլ. Instagram–ի իմ լուսանկարին մէջ Շահանը նկատած էր ձեռքիս ապարանջան, որուն վրայ անունս գրուած էր հայերէնով։ Ան փափաքեցաւ իմ մասին աւելին իմանալ։ Առաջին անգամ զիրար տեսանք Լիբանանի մէջ։ Որոշակի ժամանակ անց Պոլսոյ մէջ նշանուեցանք», – ըսած է Մելիսան:
Անոնք ամուսնացած է 2015 թուականին Եգիպտոսի մէջ եւ այդ օրուընէ ի վեր հաստատուած են «Բուրգերու երկիր»ը:
Պատմելով «Ֆուտ-պլոկինկ»ի իրենց փորձառութեան մասին անոնք ըսած են, թէ «Ամէն ինչ սկսաւ տան մէջ մեր պատրաստած ուտեստները լուսանկարելով, այնուհետեւ այդ լուսանկարները կը տեղադրէինք ընկերային ցանցերու մեր էջերուն։ Ժամանակի ընթացքին մեր գրառումները սկսան յայտնի դառնալ եւ մեր ընկերները պնդեցին, որ մենք խոհարարական պլոկ մը հիմնենք»:
Շահանի խօսքով իրենք մեծցած են հայկական ընտանիքներու մէջ, ուր խոհանոցին միշտ առաջնային տեղ տրուած է:
«Հայկական խոհանոցը շատ հարուստ խոհանոց է եւ այն ձեւաւորուած է հազարամեակներու ընթացքին։ Ես եւ Մելիսան շատ կը սիրենք հայկական ճաշերը, որոնցմէ Մանթին եւ խորովածը առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն»:







Նիւթը «Սփութնիք Արմինիա»էն եւ եգիպտական աղբիւրներէ