«Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը թէժ պայքար կը մղէ Եփրատի արեւելեան ափին, մանաւանդ Տէր Զօրի Կրանիճ գիւղին մէջ, որ խմբաւորման գանձատունը կը համարուի, ուր վերջինս կուտակած է իր թալանած ոսկեղէնը, արծաթեղէնն ու դրամական միջոցները:
Ըստ «Russia Today» լրատուական ցանցին, Եփրատի արեւելեան ափին թէժ կռիւներ կ'ընթանան Միջազգային դաշնութեան ուժերու կողմէ հովանաւորուող Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերու եւ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներուն միջեւ, որուն ընթացքին երկու կողմն ալ զոհեր ու վիրաւորներ կու տայ: