image

Տահէշ յարձակում կը ծրագրէ Վոսփորիէն անցնող ռուսական մարտանաւերուն դէմ. ՄԻԹ

Տահէշ յարձակում կը ծրագրէ Վոսփորիէն անցնող ռուսական մարտանաւերուն դէմ. ՄԻԹ

Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ տեղեկութիւն ստացած է, որ Տահէշ կը ծրագրէ հեռահար հրթիռներով հարուածել ռուսական մարտանաւերը: Այս մասին կը տեղեկացնէ«Հապերթուրք»,նշելով,որ թրքական իշխանութիւնները անմիջապէս որոշ միջոցառումներ որդեգրած են Վոսփորէն իրենց անցքին ընթացքին ռուսական մարտանաւերուն  պաշտպանութիւնը երկինքէն եւ ծովէն ապահովելու համար: Որդեգրուած միջոցառումներուն ծիրին մէջ ոստիկանական ուղղաթիռ մը եւ երկու յածանաւեր կ՛ընկերակցին ռուսական մարտանաւերուն:

ՄԻԹ յայտարարած է, թէ ճշդուած են շուրջ 146 վայրեր, որոնք կրնան Տահէշի կողմէ օգտագործուիլ ռուսական մարտանաւերուն դէմ հրթիռարձակում կատարելու առումով, եւ այդ պատճառով ալ նշեալ վայրերուն մէջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդուած են: