image

Սուրիոյ քրիստոնէական շրջանին մէջ անյայտ անձ մը գիշերով «Ճապհէթ ալ-Նուսրա»ի դրօշ բարձրացուցած է

Սուրիոյ քրիստոնէական շրջանին մէջ անյայտ անձ մը գիշերով «Ճապհէթ ալ-Նուսրա»ի դրօշ բարձրացուցած է

Դամասկոսի մօտ գտնուող Մաարտէ քրիստոնէական տուներէն մէկուն վրայ, անյայտ անձինք գիշերով, «Ճապհէթ ալ-Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման դրօշ բարձրացուցած է, այս մասին ականատեսներ յայտնած են «Ռիա Նովոսթի» գործակալութեան։


«Նուսրայի դրօշը տեղադրած են գիշերը, Մաարտէի տուներէն մէկուն վրայ»,- ըսած է ականատեսը, նշելով, որ բնակավայրի բնակիչները մտավախութիւն ունին, որ փախստականներու ճամբարներուն մէջ ահաբեկիչներ կրնան ըլլալ։


Նշենք, որ Մաարտէյի մէջ կ'ապրի մօտ 6.000 մարդ, որուն ծայրամասը տեղակայուած է տեղահանուածներու համար ժամանակաւոր ապաստարան։