Մոսկուա կոչ ուղղած է Սուրիոյ հակամարտութեան մասնակցող զինեալ խմբաւորումներուն, որ Սոչիի մէջ կայանալիք համագումարին մասնակցելու համար նախապայմաններ չսահմանեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Նշենք, որ Աստանայի բանակցութիւններու եօթերորդ փուլի աւարտին, ռուսական պատուիրակութեան նախագահը հրաւէր ուղղած է զինեալ խմբաւորումներուն Ռոսիա ժամանելու եւ ճգնաժամի քաղաքական լուծման համար իրենց տեսակէտները ներկայացնելու, նշելով, որ Ռուսիա կը ցանկայ, որ Տէ Միսթուրա ներկայ գտնուի «Ազգային երկխօսութեան համաժողով»ին:
Պատուիրակութեան նախագահը կարծիք յայտնած է, որ հաւանաբար համագումարի ժամանակ պիտի քննարկուի Սուրիոյ մէջ մէկ միասնական ազգային կառավարութիւն հիմնելու հարցը, սակայն առաւել կարեւորը նոր սահանադրութեան հաստատումն ու խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ կազմակերպելն է, միաժամանակ շեշտելով, որ եթէ սուրիացի ժողովուրդը ցանկութիւն յայտնէ, կարելի է ընտրութիւնները կազմակերպել նախքան նախագահ Ասատի նստաշրջանի աւարտը:
Ան յայտնած է նաեւ, որ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման դէմ պատերազմն իր աւարտին մօտեցած է, բան մը, որ քաղաքական լուծման անցնելու կը մղէ:
Ահաբեկչական խմբաւորումները կը խանգարեն Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւններու դադրեցումը, իսկ մենք կը պայքարինք անոր դէմ»: