image

Սուրիահայերու Հիմնահարցերը Երեւանէն Մինչեւ UNHCR .Սագօ Արեան

Սուրիահայերու Հիմնահարցերը Երեւանէն Մինչեւ UNHCR .Սագօ Արեան

Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան   նախաձեռնութեամբ 24 փետրուարին   Երեւանի մէջ    կայացաւ  սուրիահայերու  խնդիրներուն  նուիրուած   աշխատաժողով մը:  Այս  ժողովը կը կարեւորուէր  մասնաւորապէս ՄԱԿ-ի    գաղթականներու հարցերով  զբաղող  մարմնին՝   UNHCR  -ի հայաստանեան մարմնի   եւ այս առթիւ տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած անոր  մասնագէտներու  ներկայութեամբ:    Սփիւռքի նախարարութեան կողքին  կարեւոր  ներկայութիւն էին Հայ Բարեգործական  Ընդհանուր  Միութիւնը,  «Գալուստ Կիւլպէնկեան   Հիմնարկութիւն»ը  եւ Երեւանի մէջ  գործող       հալէպահայերու   երկու   հասարակական կազմակերպութեանց  (ՀԿ) ներկայացուցիչները:    Բացման հանդիսութեան    յատուկ ելոյթներով հանդէս  եկան   Սփիւռքի նախարար Տիկն. Հրանոյշ  Յակոբեան,  ՀՀ Աշխատանքի  նախարար Արտեմ  Ասատրեան,  «Գալուստ Կիւլպէնկեան   Հիմնարկութիւն»ը Տնօրէն  Պրն. Ռազմիկ Փանոսեան, ՀՀ Արտաքին Գործոց  նախարարի տեղակալ  Պրն. Աշոտ Յովակիմեան  եւ  ՀՀ-ի  մօտ  ՄԱԿ-ի մշտական  համակարգող  Պրն. Պրէտլի Պուեստո:    

Խօսք առնող պատասխանատուներէն  իւրաքանչիւրը,  իր   ոլորտին  մասին խօսելէ  բացի  շեշտը դրին    սուրիահայերու խնդիրներուն  հարցերով  մարմիններուն   միջեւ        առկայ համագործակցութիւնը աւելի  ամուր  հիմերու վրայ դնելու մասին:    Հանդիպման նոյնիսկ առաջարկ եղաւ ստեղծել յատուկ մարմին մը,  որ  պիտի համակարգէր ամբողջ  աշխատանքը   ու մանաւանդ    սուրիահայերու  խնդիրները  ներկայացնէր եւ քննարկէր ՄԱԿ-ի գաղթականներու  հարցերով զբաղող   մարմիններուն մօտ:

Շուրջ տաս  օր առաջ  ՀՀ  Սփիւռքի նախարարուհին  լրագրողներուն հետ խօսելու պահուն  նշած էր, որ  այսօր  Հայաստանի մէջ  կ'ապրին  շուրջ  16  հազար  սուրիահայեր:   Ու այս թիւը         անտեսելի թիւ մը չէ,  միջազգային  պատկան մարմիններուն  մօտ          գաղթական   (կամ  ապաստանեալ)  սուրիահայերու      անհրաժեշտ ու կարեւոր օժանդակութիւններ  տրամադրելու  տեսակէտէն:   Տարբեր առիթներ    այս թեման   բարձրաձայնուած է   տարբեր ամպիոններէ  եւ    շատ  անգամներ      այս խնդիրը  համապատասխան  արձագանքի չէ արժանացած: Ճիշդ է,  որ սուրիահայերը    եկած են  իրենց հայրենիք՝ Հայաստան, բայց եւ այնպէս  անոնց  ապրած  ոդիսականը, տնտեսական  ծանր   վիճակը  եւ    դիմագրաւած  դժուարութիւնները   զանոնք կը դնեն  գաղթականի  կամ փախստականի  նոյն  հարթակին  վրայ:      Նշեմ, որ   աշխատանոցը կը կրէր «Մարդասիրական արձագանքէն  դէպի կայուն լուծումներ»  ընդհանուր խորագիրը եւ         ամբողջ օր մը տեւած  այս ժողովին ընթացքին հնչեցին   մի քանի   առաջարկներ, որոնք ամէն պարագայի       արժանի  են յատուկ  շեշտադրումներու:

Կարեւոր ու շինիչ էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան   Հիմնարկ»ի հայկական բաժնի տնօրէն    Պրն.   Ռազմիկ Փանոսեանի դիտարկումը:  Փանոսեան     կ'առաջարկէր     սուրիահայերու խնդիրներուն  մօտենալ    պատրաստելով  ու միջազգային մարմիններուն ներկայանալով  յատուկ ծրագիրներով:   Այս կարծիքին էին նաեւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու  հարցերով զբաղող  միջազգային փորձագէտները: Այսինքն,  եթէ  գաղթականներուն համար ինչ որ նիւթական աջակցութիւն  է պէտք  կարեւոր  էր, որ այդ  նեցուկին  դիմաց ներկայացուէին  յատուկ  եւ  համակարգուած  այնպիսի ծրագրեր,  որոնք   կը յաջողին      տրամադրուած գումարները   վերստին  ապահովել:  Այս մէքանիզմը կրնար  օգտակար ըլլալ  այն իմաստով, որ   տրամադրուած գումարները, որպէս ողորմութիւն պիտի չտրուէին մեր հայրենակիցներուն այլ  անոնք պիտի տրուէին  յատուկ     գործնական ծրագրեր  իրականացնելու եւ  նիւթական եկամուտներ ապահովելու   համար:

Կարեւոր էր նաեւ Սփիւռքի նախարար Տիկն. Հրանուշ Յակոբեանի մօտեցումը: Տիկին  նախարարուհին խօսելով  այսօրուան իրադրութեան մասին կը պատմէր,  որ    Հայաստանէն տարբեր  միջոցներով Շուէտ հասնող    սուրիահայեր    այսօր կը դժգոհին  եւ յայտնուած են բարդ դրութեան մը մէջ:  Ու այդ առումով      նախարարուհին  տրամաբանական առաջարկով   մը կը   բոացատրէր, որ այսօր Հայաստան գտնուող  սուրիահայերուն  նիւթական  նեցուկի     չափերը շատ  աւելի նուազ պիտի ըլլան քան  այն  նիւթական    գումարները, որոնց կարիքը պիտի ունենան մեր հայրենակիցները հոգալու համար իրենց ամենակենսական ծախսերը Շուէտի, Գերմանիոյ, Գանատայի եւ այլ երկինքներու տակ:  Այս բրակմաթիզմը  կը կարեւորուէր    ու կրնար դրական    իրավիճակ մը ստեղծել պայմանաւ, որ  դրուած գումարները  տրամադրուէին իրական եւ  տրամաբանական   կարճաժամկէտ  ծրագիրներու յաջողութեան համար:

Վերջին օրերուն շատ կը խօսուի մեր  հայրենակիցներու դէպի Գանատա      ապաստանելու   ընթացքի մը մասին: Ու   այս մասին խօսքերը բնականաբար հիմնուած  են իրական  եւ բաւական մտահոգիչ  թիւերու   վրայ:  Վերջին   ամիսներուն Երեւան  ապրող  սուրիահայեր     նախ Պէյրութ կը մեկնին ու ապա  կարճ  միջոցի մը մէջ        որոշ թղթատարական գործեր  ընելէ ետք կը հասնին   Մոնթրէալ  եւ  Թորոնթո:  Այդ քաղաքներուն մէջ անոնք  ունին   ազգականներ եւ   իրենց հասնելէն  ետք  ու որոշ  ժամանակի մը համար կ'ապաստանին իրենց   ազգականներուն  մօտ:   Գանատական  մէկէ աւելի   պարբերականներ  իրենց էջերուն  լայն տեղ տուած են    գաղթական- սուրիահայերու   օրակարգին:  Ճիշդ է, որ    արեւմտեան մամուլը    ամէն գնով  կը փորձէ  վարդագոյն  երանգներով ներկայացնել Գանատան,բայց եւ այնպէս  իրականութիւնը  այլ է:     Դժուարութիւններուն  հիմքը միայն   լեզուի չիմացութիւնը,   շրջապատին անծանօթ  չըլլալը, երկրին  ծանօթ չըլլալը չեն, այլ  կան շատ աւելի խորքային խնդիրներ, որոնց մասին  բնականաբար  սուրիահայերը պիտի չուզեն  խօսիլ: Անոնք կը նախընտրեն լռել: Ու   այս  արտահոսքերուն  դիմաց, ինչ ալ ըլլան  Հայաստանի իշխանութիւններուն    դրական   եւ կամեցողական  մօտեցումները անոնք պիտի մնան  ապարդիւն:   Բնական է, որ այս խնդրին  մասին  արձագանքելը, բարձրաձայնելը կրնան  օժանդակել, որ    մեր հայրենակիցները գիտնան ճշմարտութիւնը: Անոնք պէտք է հասկնան մէկ բան,որ արեւմուտքը, Գանատան, Մոնթրէալն ու Թորոնթոն դրախտ չեն: Հոն  դրախտի  ծառեր ու  տերեւներ չկան: Ու    այդ տեղի կեանքն ու մաշումը,    պիտի չօգնէ իրենց, որ   մօտիկ անցեալին ձեւաւորուած ու այնքան սուտ «արեւմտեան դրախտ» դրուածքը աճի  իրենց մէջ: Աճի ու  մարմին դառնայ: Անոնք  դառնան բարւոք  ապրող  քաղաքացիներ:  Պահեն իրենց լեզուն եւ   ապրին, որպէս լիարժէք հայեր: Եթէ նոյնիսկ շատեր առարկեն, որ այս մօտեցումը  ծայրայեղական է,   երեւելի է  սակայն, որ Հայաստան  ապրիլը, Հայաստանի մէջ կտոր մը հաց   վաստակիլը  շատ աւելի հեշտ  է, ու  շատ աւելի քիչ  ճիգով մը կարելի է նաեւ այսօրուան Հայաստանի մէջ  գոյատեւել ու ապրիլ:  Հայաստանի երազը միայն  Հալէպի ու Դամասկոսի նեղ ու խոնաւ   փողոցներուն մէջ երգուող    երգը չէ: Առնուազն այս առումով մեր   հայրենակիցները պէտք է  առանց վարանումի արժեւորեն այսօրուան    պատմական  առիթին խորքային  իմաստը:

Սուրիահայերու   նուիրուած  այս ժողովը կը կարեւորուէր իր  լրջութեամբ եւ մասնագիտական մօտեցումներով հարցերուն մօտենալու    ունակութեամբ:  Ամէնէն կարեւորն այն է, որ    աշխատաժողովին  կը հնչէր   յառաջիկայ  աշխատանքները  գործնական ծրագիրներով հիմնաւորելու ու նաեւ   ՄԱԿ-ի   գաղթականներու հարցերով զբաղող  մարմիններէն ամբողջական նեցուկ ստանալու  էական  մօտեցումը, որուն համար հայրենի իշխանութիւնները ամէն գնով  պէտք է պատրաստի ծրագիրներ մշակեն: Այդ ծրագիրները պէտք է   բնականաբար  զուգորդուին       մանաւանդ Երեւանի մէջ գործող      Սուրիահայերու     հարցերով զբաղող ՀԿ-երու  կողմէ ներկայացուած ծրագիր- առաջարկներով:

Կարեւոր վերջին  կէտ  է նաեւ, որ    սուրիահայերու խնդիրը  պէտք է դառնայ նաեւ  Հայաստանի  արտաքին գործոց նախարարութեան     ամէնակարեւոր օրակարգերէն մին,որովհետեւ  այսօր Սուրիոյ շուրջ  ընթացող  բարձր մակարդակի բանակցութիւնները     կը պատրաստեն նոր  Միջին Արեւելքի  մը առաջին եւ հիմնական   բնօրինակը:   

 

 

Սագօ Արեան /«ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթ/Պոլիս