image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանէն Արցախ վերադարձած է 225 քաղաքացի

Երեւանէն Արցախ վերադարձած է 225 քաղաքացի

Մէկ օրուան մէջ հանրակառքերով Երեւանէն Ստեփանակերտ տեղափոխուած է 225 արցախցի: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Ընդհանուր առմամբ, արդէն Արցախ վերադարձած է 48059 մարդ:

Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի զինծառայողները կ'ապահովեն քաղաքացիներու անվտանգ վերադարձը, կը տրամադրեն մարդասիրական օգնութիւն եւ կը վերականգնեն քաղաքացիական ենթակառուցուածքները:

Կ'իրականացուի իրավիճակի շուրջօրեայ հսկողութիւն եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն՝ քսաներեք դիտակէտի միջոցաւ: